Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աթէնքը Չի Բացառեր Հայաստան-Յունաստան-Ֆրանսա-Հնդկաստան Գործակցութիւնը Ռազմական Ոլորտին Մէջ

Աթէնքը Չի Բացառեր Հայաստան-Յունաստան-Ֆրանսա-Հնդկաստան Գործակցութիւնը Ռազմական Ոլորտին Մէջ

by MassisPost

Աթէնքը չի բացառեր Հայաստան-Յունաստան-Ֆրանսա-Հնդկաստան քառակողմ գործակցութիւնը ռազմական ոլորտին մէջ: Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը այս մասին յայտարարեց Երեւանի մէջ՝ հայ պաշտօնակիցին հետ քննարկումներէն յետոյ։

«Մենք ունինք յաջող եռակողմ պաշտպանական գործակցութիւն Կիպրոսի հետ։ Բայց հնարաւոր է գոյութիւն ունենան այլ եռակողմ, քառակողմ գործակցութիւններ Ֆրանսայի եւ Հնդկաստանի հետ՝ կարեւոր երկիրներ, կարեւոր ուժեր, որոնք ընդհանուր բարեկամներ են թէ՛ Հայաստանի ու թէ՛ Յունաստանի համար», ըսաւ Նիքոլաոս Տենտիասը Սուրէն Պապիկեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ:

Մինչ այդ, Երեւանն ու Աթէնքը ա՛լ աւելի կը խորացնեն գործակցութիւնը ռազմական ոլորտին մէջ: Կողմերը Երեւանի մէջ քննարկած են յառաջիկայ ընելիքները:

«Մենք ստորագրած ենք այս տարուան ռազմական համագործակցութեան շարք մը ծրագրեր, որոնք աւելի պիտի մօտեցնեն երկու երկիրներու զինուած ուժերը դասընթացքներու, վերապատրաստումներու միջոցով», նշեց Յունաստանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարը պաշտօնական այցով Երեւան կը գտնուէր հայաստանցի գործընկերոջ հրաւէրով։ Սուրէն Պապիկեանն ու Նիքոլաոս Տենտիասը պայմանաւորուած են երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան մասին համաձայնագրի վաւերացումէն յետոյ նոր լիցք հաղորդել ռազմատեխնիկական գործակցութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment