Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ-Թրքական Սահմանը Նախ Պիտի Բացուի 3-րդ Երկրի Եւ Դիւանագիտական Անցագրեր Ունեցողներու Համար, Յետոյ՝ Քաղաքացիներու. Քըլըչ

Հայ-Թրքական Սահմանը Նախ Պիտի Բացուի 3-րդ Երկրի Եւ Դիւանագիտական Անցագրեր Ունեցողներու Համար, Յետոյ՝ Քաղաքացիներու. Քըլըչ

by MassisPost

Հայ-թրքական սահմանը պիտի բացուի երրորդ երկրի քաղաքացի հանդիսացող անձերու եւ դիւանագիտական անցագրեր ունեցողներու համար, իսկ հետագային այս կիրառոյթը պիտի ընդլայնուի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար:

Այս մասին ըսած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Թուրքիոյ բանագնաց Սերտար Քըլըչը Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ դիւանագիտական համաժողովի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած «Խաղաղութիւնը, զարգացումն ու կապուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ» խորագրով քննարկման ելոյթի ժամանակ:

Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանէն Թուրքիա եւ հակառակ ուղղութիւններով կ’իրականացուին թռիչքներ, ինչ որ կը նշանակէ՝ երկու երկրի քաղաքացիներուն միջեւ երկխօսութիւն կայ:

«Սահմաններու բացումը միակ քայլը չէ, մենք այլ քայլեր ալ կը ձեռնարկենք իրավիճակի կարգաւորման համար: Մենք բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծենք Թուրքիոյ մէջ ՀՀ քաղաքացիներ ապրելու համար, վերջիններս նոյնիսկ ներդրումներ կ’ընեն Սթամպուլի մէջ: Այսինքն՝ ջանքեր կը գործադրուին, եւ երբ գայ ժամանակը, սահմանի լիարժէք բացումը պիտի նպաստէ երկու ժողովուրդի մերձեցման», նշած է թուրք դիւանագէտը:

Ան յաւելած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու շարունակման հետ մէկտեղ Թուրքիան կ’ընէ իրմէ կախուած հնարաւոր ամէն ինչ, բանակցային արդիւնքները պէտք է դրական ազդեցութիւն ունենան երկու կողմին համար:

«Սակայն եթէ անցեալէն դասեր չքաղենք, ամէն ինչ ապարդիւն պիտի ըլլայ: Կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման համար պէտք է հաշուի առնել երեք երկրի՝ Հայաստանի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի վիճակը», նշած է Քըլըչը:

Ըստ անոր՝ կարգավոման գործընթացը բաւականին բարդ է, հնարաւոր չէ իսկոյն եւեթ արդիւնքի հասնիլ:

«Կը կարծեմ՝ կարելի է յաղթահարել որոշ տարաձայնութիւններ եւ շարունակել բանակցութիւնները, միշտ ալ կարելի է որոնել հարցերու լուծումը», եզրափակած է Քըլըչ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment