Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ինքնիշխան Տարածքին Մէջ Զանգեզուր Անուամբ Տարածքային Միաւոր Չկայ. Ռուբինեան

Հայաստանի Ինքնիշխան Տարածքին Մէջ Զանգեզուր Անուամբ Տարածքային Միաւոր Չկայ. Ռուբինեան

by MassisPost

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին յայտարարած է, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին չկայ Զանգեզուր անուամբ տարածքային միաւոր․ «Հայաստանը երբեք չի համաձայնել Ատրպէյճանին տալ միջանցք՝ արտատարածքային տրամաբանութեամբ», շեշտած է Ռուբինեան` յաւելելով, որ Հայաստանը կ’ուզէ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակում` ինքնիշխանութեան, օրէնսդրութեան, տարածքային ամբողջականութեան, հաւասարութեան ու փոխադարձությեան սկզբունքներու հիման վրայ:

Ռուբէն Ռուբինեանը՝ պատասխանելով ատրպէյճանական կողմի բանախօս Հիքմեթ Հաճիեւին, որ իր խօսքին մէջ նշած էր, թէ ՀՀ Սահմանադրութեան շրջանակներուն վերաբերեալ հայկական կողմէ Ատրպէյճանը պարզաբանումներ կ’ակնկալէ:

Ռուբինեան յաւելած է, որ Հայաստանը Ատպէյճանէն տարածքային պահանջներ չունի, այդ մասին բազմաթիւ անգամ ըսուած է, փաստաթուղթով ամրագրուած, բայց երկու կողմին համար ալ կարեւոր է հաստատել, որ ոչ մէկը միւսէն տարածքային պահանջ չունի, եւ այդ պիտի ըլլայ խաղաղութեան պայմանագիրը։

Այնուհետեւ հայկական կողմին բանախօսը կրկնած է խաղաղութեան պայմանագրի երեք հիմնական դրոյթները, որոնցմէ մէկն ալ այն է, որ կողմերը պարտաւոր են ճանչնալ միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը եւ չեն պահանջեր կամ ակնկալեր որեւէ տարածք միւս կողմէն:

«Կարծում եմ, լաւագոյն տարբերակը այս դրոյթների ամրագրման՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումն է», ըսսած է Ռուբինեան:

Նշենք, որ «Խաղաղութիւնը, զարգացումն ու կապուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ» խորագրով քննարկման մասնակցած են նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական, յատուկ դեսպան Հիքմեթ Հաճիեւը, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման թրքական կողմի յատուկ ներկայացուցիչ, դեսպան Սերտար Քըլըչը, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամային հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment