Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լրացաւ Մարտիմէկեան Արիւնալի Իրադարձութիւններու 16-րդ Տարին

Լրացաւ Մարտիմէկեան Արիւնալի Իրադարձութիւններու 16-րդ Տարին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ծաղիկներ խոնարհած է Երեւանի Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցին յարակից այգիին մէջ կանգնեցուած «Ազդեցութիւն եւ հակազդեցութիւն» յուշարձանին՝ յարգանքի տուրք մատուցելով 2008 թուականի Մարտ 1-ի զոհերու յիշատակին:

Լրացաւ մարտիմէկեան արիւնալի իրադարձութիւններու 16-րդ տարին։

2008 թուականի Մարտ 1-ին վաղ առաւօտեան ոստիկանները յարձակեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ գիշերող ընդդիմադիր ցուցարարներուն վրայ, որոնք կը բողոքէին նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներուն դէմ:

Նոյն օրը, աւելի ուշ, Ալեքսանդր Մեասնիկեանի արձանին յարող հրապարակին վրայ եւ անոր մերձակայքին ցուցարարներու եւ ուժայիններու միջեւ սկիզբ առած բախումներու հետեւանքով տասը մարդ զոհուեցաւ, հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուեցան:

Մարտ 1-ի սպանություններէն 16 տարի անց ալ 10 զոհերէն ոչ մէկուն սպանութիւնը դեռ բացայայտուած է, թէեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վեց տարի առաջ յայտարարած էր, թէ «Մարտի 1-ի» գործը, ըստ էութեան, ամբողջ ծաւալով բացայայտուած է»։ Մէկ տարի առաջ ալ վարչապետը յայտարարած է, որ «Մարտի 1-ը» բացայայտուած է, բայց մեղաւորները դեռեւս պատժուած չեն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment