Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնելու Վերջնարդիւնքին Համար Մնացած Է Քանի Մը Խնդիր. Միլլըր

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնելու Վերջնարդիւնքին Համար Մնացած Է Քանի Մը Խնդիր. Միլլըր

by MassisPost

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութիւնը մօտ է: Այս մասին ըսած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Մեթիու Միլլըր հերթական ճեպազրոյցի ընթացքին։

Հարցումին՝  նախորդ շաբաթ Միւնիխի մէջ ԱՄՆ պետական քարտուղարը հանդիպած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ. ան դեռ կը հաւատա՞յ է, որ խաղաղութիւն հնարաւոր է ձեռք բերել, Միլլըր պատասխանած է. «Ան դեռ կը հաւատայ, որ խաղաղութիւն հնարաւոր է ձեռք բերել, եւ ան այդ անմիջականօրէն քննարկած է այդ երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ եւ անոնց կոչ ըրած է աշխատելու միասին՝ յաղթահարելու համար այն, ինչ որ վերջնարդիւնքի համար կը ներկայացնէ միայն քանի մը մնացած խնդիր: Եւ մենք պիտի շարունակենք խրախուսել այդ երկիրները խաղաղութեան համաձայնագրի հասնելու համար։ Ես գիտեմ, որ երկու երկիրներուն առաջնորդները երկկողմ հանդիպում ունեցած են Միւնիխի մէջ, եւ այդ պատճառով մենք պիտի շարունակենք առաջարկել Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնն ու աջակցութիւնը համաձայնութեան հասնելու համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment