Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանին Փոխանցուած Են Խաղաղութեան Համաձայնագրի՝ Ատրպէյճանի Վերջին Մեկնաբանութիւնները. Պայրամով

Հայաստանին Փոխանցուած Են Խաղաղութեան Համաձայնագրի՝ Ատրպէյճանի Վերջին Մեկնաբանութիւնները. Պայրամով

by MassisPost

Խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի վերաբերեալ Ատրպէյճանի վերջին մեկնաբանութիւնները փոխանցուած են Հայաստանին, յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով՝ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի ընդունելութեան ժամանակ:

Կը նշուի, որ Պայրամով ըսած է, որ Պաքուն շահագրգռուած է այս ուղղութեամբ բանակցային գործընթաց սկսելու հարցով։

Պայրամով, կրկին միջամտելով Հայաստանի ներքին գործերուն, ըսած է, թէ իբր ՀՀ-ի Սահմանադրութիւնը, օրէնսդրական արձանագրութիւնները, միջազգային կազմակերպութիւնները եւ դատարանները կ’արտացոլեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ շարունակուող պահանջները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment