Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պիտի Շարունակենք Համագործակցութիւնը Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ. Մաքրոնը՝ Փաշինեանին

Պիտի Շարունակենք Համագործակցութիւնը Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ. Մաքրոնը՝ Փաշինեանին

by MassisPost

Պիտի շարունակենք համագործակցութիւնը պաշտպանութեան ոլորտին մէջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ երկկողմ բանակցութիւններու մեկնարկէն առաջ յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը:

«Ֆրանսան տուած է իր համաձայնութիւնը պաշտպանական զինտեխնիկայի առաքման համար, եւ Ֆրանսան պիտի շարունակէ այդ ոլորտին մէջ պատասխանատուութեան ոգիով չցանկալով որեւիցէ մագլցում»,  յայտարարեց Մաքրոնը:

Էմանուէլ Մաքրոն անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան գործունէութեան, յայտարարեց՝ «Հայաստանը պէտք է օգտուի խաղաղութեան եւրոպական գործիքներէն»:

«Հայաստանը եւ Եւրոմիութիւնը կը ցանկան նոր գործընկերութեան ժամանակացոյց: Բառերէն այն կողմ Ֆրանսան Հայաստանի կողքին է, որովհետեւ արդարութիւնը, արդարադատութիւնը, ազատութիւնը եւ միջազգային իրաւունքը մեզի համար կարեւոր են»:

Ֆրանսայի նախագահը հաւաստիացուց՝ Հայաստանը կրնայ ապաւինիլ Ֆրանսայի աջակցութեան՝ անոր անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ժողովրդավարական ընթացքին եւ խաղաղութեան ձգտումներուն։

«Անհրաժեշտ է որ Ատրպէյճանը փարատէ երկիմաստութիւնը, բարեխիղճ աշխատանք կատարուի սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով, ինչ որ հիմք պիտի ծառայէ սահմանի երկուստէք ուժերու ետքաշման համար», նշեց Էմանուէլ Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահը Պաքուէն պահանջեց նաեւ ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն՝ իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը՝ «արագ, անարգել եւ անվտանգ»:

«Անհրաժեշտ է, որ հաղորդակցական ուղիները եւս ըլլան համարկման գործօններ եւ ոչ թէ պառակտման: Ես կը փափաքիմ, որ Կեդրոնական Ասիոյ, Հարաւային Կովկասի եւ Եւրոմիութեան միջեւ հաղորդակցական կապերը զարգանան ու կ’ողջունեմ այս ընդհանուր յաւակնութեան մէջ Ձեր՝ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութեան ներդրումը», յաւելած է ան:

Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հնչող քննադատութիւններուն, յայտարարեց՝ Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններուն զարգացումը ոեւէ մէկուն մօտ չի կրնար անհանգստութիւն յառաջացնել:

«Մեր միակ խնդիրը տարածաշրջանում ճիշդ հաւասարակշռութիւն ձեւաւորելն է ու միայն ՀՀ օրինական ինքնիշխան, միջազգային հանրութեան կողմէ ճանաչուած սահմանները, տարածքային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը պաշտպանելն է եւ մեր երկրի դիմադրողականութիւնը բարձրացնելն է», ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններուն՝ ընդգծեց Ֆրանսայի աջակցութիւն այս գործին մէջ:

«Եւրամիութիւնը մեր երկրի ժողովրդավարական բարեփոխումներում ու հաստատութենական կարողութիւնների զարգացման համար ունի առանցքային նշանակութիւն»:

Հայաստանի վարչապետը Ֆրանսայի նախագահը հրաւիրեց այս տարի Սեպտեմբերին այցելել Հայաստան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment