Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2024 Թուականին Պէտք Է Ապահովենք 7 Տոկոս Տնտեսական Աճ. Նիկոլ Փաշինեան Ըսած Է՝ Ինչպէս Այդ Հնարաւոր Է

2024 Թուականին Պէտք Է Ապահովենք 7 Տոկոս Տնտեսական Աճ. Նիկոլ Փաշինեան Ըսած Է՝ Ինչպէս Այդ Հնարաւոր Է

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած է 2025-2027 թուականներու միջնաժամկէտ ծախսային ծրագրի նախնական ուղենշային մաքրոտնտեսական եւ հարկապիւտճէական շրջանակը:

Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ միջազգային ասպարէզի մէջ ընթացիկ տնտեսական զարգացումներուն եւ հնարաւոր կանխատեսումներուն, ըստ ոլորտներու տնտեսական աշխուժութեան, արտահանման եւ ներմուծման յարաշարժութեան, զբօսաշրջային այցելութիւններու միտումներուն, հարկապիւտճէական քաղաքականութեան, ընդհանուր ծախսերու մակարդակին եւ անոր հետագայ ընդլայնման հնարաւորութիւններուն ու այլ հարցերու:

Այս ծիրին մէջ, տեղի ունեցած է միտքերու շահագրգիռ փոխանակութիւն, գերատեսչութիւններու ղեկավարները ներկայացուցած են տարբեր դիտարկումներ եւ առաջարկութիւններ:

Ամփոփելով՝ վարչապետը անդրադարձած է ընթացիկ տարուան տնտեսական զարգացման թիրախներուն եւ քայլերուն.

«Մենք նախ 2024 թուականին պէտք է ապահովենք 7 տոկոս տնտեսական աճ, ինչի՞ հաշուին՝ մեր աշխատանքի հաշուին: Ընդհանուր շինարարութեան հետ կապուած մեր ծրագրերը պէտք է փորձենք առաւելագոյն որակով իրականացնել եւ ապահովել մեծ կատարողական, մեր միջին տարեկան վիճակագրականից աւելի բարձր ցուցանիշներ ապահովել:

«Այստեղ ցանկանում եմ յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրել մի քանի ծրագրերի վրայ. վերանորոգումի ծրագիրն անպայման պէտք է շարունակել, պէտք է խթանել սահմանամերձ գիւղերում բնակարանաշինութեան 16 միլիոն դրամի ծրագիրը, որովհետեւ այդ ծրագիրը մեզ համար հնարաւորութիւն է տնտեսական աշխուժութիւնը դէպի մարզեր աւելի շատ տեղափոխել, որովհետեւ դրա ազդեցութիւնը շատ էական է: Ես ցանկանում եմ առողջապահութեան ապահովագրութեան վրայ մեր ուշադրութիւնը հրաւիրել, որովհետեւ ինձ համար ակնյայտ է, երբ այդ որոշումը կայացրեցինք՝ առողջապահութեան ոլորտում հսկայական ներդրումներ են լինելու, չի կարող այլ կերպ ուղղակի լինել: Եւ, ըստ էութեան, համակարգը պատրաստի վիճակում է»:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքին շնորհիւ պէտք է կարենան ապահովել 7 տոկոս տնտեսական աճի թիրախը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment