Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արեւմուտքը Կը Փորձէ Խանգարել Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորումը. Փաթրուշեւ

Արեւմուտքը Կը Փորձէ Խանգարել Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորումը. Փաթրուշեւ

by MassisPost

Արեւմուտքը կը փորձէ ապակայունացնել իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ եւ խանգարել հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումը:

Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը:

«Մենք կը տեսնենք նաեւ արեւմտեան երկիրներուն ցանկութիւնը՝ ցնցելու իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ, ինչպէս նաեւ միջամտելու հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման, ինչ որ յանգեցուցած է իրավիճակի սրման այս շրջաններուն մէջ», ըսած է Փաթրուշեւ՝ ելոյթ ունենալով Պիշքեքի մէջ Աֆղանստանի հարցերով անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու հանդիպման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment