Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն Արձագանգած Է ՀՀ Վարչապետի Յայտարարութիւններուն

Պաքուն Արձագանգած Է ՀՀ Վարչապետի Յայտարարութիւններուն

by MassisPost

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն արձագանգած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ կառավարութեան նիստին հնչեցուցած յայտարարութիւններուն եւ անոնք անուանել «անհիմն մեղադրանքներ՝ ուղղուած տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան ստեղծման»:

Անդրադարձ կատարելով Փետրուար 12-ին Ներքին Հանդի մէջ տեղի ունեցածին, որուն հետեւանքով հայկական կողմէ 4 դիրքապահ զոհուած է, Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն հարց բարձրացուցած է, թէ ինչու «Հայաստանի ՊՆ-ն մինչ այժմ չէ կատարած ատրպէյճանցի զինուորի վիրաւորման վերաբերեալ հետաքննութիւն կայացնելու իր խոստումները, ինչպէս նաեւ չէ պարզաբանած այն հարցը, թէ ինչի հիման վրայ «տարբեր ռազմական խումբերէ վարձկաններ» կը գտնուին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան սահմանային կէտերու մէջ»։

Մեկնաբանելով ներգաւառներու եւ արտագաւաթներու մասին Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերը՝ յիշեցուցած են, որ Հայաստանը իբր «պարտաւորութիւններ ունի ատրպէյճանական ութ գիւղերու վերադարձին հետ կապուած», իսկ ՀՀ վարչապետին յայտարարութիւնը, որ 31 գիւղերու կենսական նշանակութեան տարածքները կը գտնուին ատրպէյճանական բռնագրաւման տակ, Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն համարած է «քաղաքական մանիփուլացիա»:

Ըստ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ին՝ «ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ, գործող օրէնսդրական արձանագրութիւններուն մէջ, պաշտօնական նամակներուն մէջ առկայ են Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններ»: «Եթէ հայկական կողմը իսկապէս շահագրգռուած է խաղաղութեան գործընթացով, ան պէտք է հրաժարի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն», կ’ըսուի Ատրպէյճանի ԱԳՆ մեկնաբանութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment