Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Կրկին Դժգոհած Է «Հայկական Կողմի Տեղադրած Ականներէն»

Պաքուն Կրկին Դժգոհած Է «Հայկական Կողմի Տեղադրած Ականներէն»

by MassisPost

Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը կրկին դժգոհած է «հայկական կողմի տեղադրած ականներէն»՝ յայտարարելով, որ «միջազգային գործընկերներու ձախողումը՝ ստիպել Երեւանին վերացնել այդ սպառնալիքը, աւելի շատ զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ կը դառնայ»։

Պաքուի հաղորդմամբ, 2020 թուականի Նոյեմբերէն ականներու պայթումներէն զոհուած է 343 մարդ:

Նախօրէին Ատրպէյճանը յայտնեց, որ Թերթերու շրջանին մէջ ականի վրայ քաղաքացի պայթած է, անոր ոտքը անդամահատուած է:

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Յունուարին տեղեկացուցած էր, որ կը պատրաստուի Ատրպէյճանին յանձնելու ականապատ դաշտերու քարտէզներու նոր ի յայտ եկած ութ տեղեկամատեաններ։

Ատրպէյճանական կողմը, սակայն, այս յայտարարութեան կոշտ արձագանգեց՝ շեշտելով, որ կ’ակնկալէ, որ Հայաստանը ներկայացնէ բոլոր ականապատ տարածքներու ճշգրիտ քարտէզները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment