Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԿԽՄԿ-ն Տեսակցած Է Պաքուի Մէջ Ապօրինի Պահուող Հայերուն

ԿԽՄԿ-ն Տեսակցած Է Պաքուի Մէջ Ապօրինի Պահուող Հայերուն

by MassisPost

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ներկայացուցիչները այս տարուան Յունուարի վերջը եւ Փետրուարի սկիզբը հերթական անգամ տեսակցած են Պաքուի մէջ պահուող հայերուն, որոնց անունները հաստատուած են Ատրպէյճանի կողմէ։

Այս մասին «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին տեղեկացուց ԿԽՄԿ հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառայ Ամատունին։

«Դրանք պարբերաբար կրկնուող տեսակցութիւններ են, որոնք համաձայնեցւում են տուեալ երկրի ղեկավարութեան հետ», նշեց Ամատունին։

Անոր խօսքով՝ տեսակցութիւններու շրջանակներուն մէջ ԿԽՄԿ ներկայացուցիչները կը ծանօթանան անոնց պահման տարածքի պայմաններուն, առողջական վիճակին, հնարաւորութիւն կը տրուի կապ հաստատելու ընտանիքներուն հետ։

Հայաստանի Քննչական Կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քյարամեանը աւելի վաղ յայտնած էր, որ Պաքուն կը հաստատէ իր մօտ 23 հայ գերիներու առկայութիւնը՝ չնայած հայկական կողմը փաստական տուեալներ ունի, որ Պաքուն կը պահէ եւս 32 հայ գերի։ Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող անձերու շարքին են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահները՝ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, ինչպէս նաեւ ԼՂ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, Ազգային Ժողովի նախագահի պաշտօնը զբաղեցուցած Դաւիթ Իշխանեանը, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, արտաքին գործերու նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախարարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը, որոնք Ատրպէյճանը ապօրինի ձերբակալած եւ կեղծ մեղադրանքներ առաջադրած է  2023 թուականի Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ռազմական յարձակումէն յետոյ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment