Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Մշտական Բնակչութեան Թուաքանակը Կազմած է 2.937.500 Մարդ 2024թ. Յունուար 1-ի Դրութեամբ

Հայաստանի Մէջ Մշտական Բնակչութեան Թուաքանակը Կազմած է 2.937.500 Մարդ 2024թ. Յունուար 1-ի Դրութեամբ

by MassisPost

2023թ. Յունուար 1-ի դրութեամբ Հայաստանի մշտական բնակչութեան թուաքանակը կազմած է 2.937.500 մարդ, իսկ 2024թ. Յունուար 1-ի դրութեամբ՝ 2.990.900 մարդ: Այս մասին civic.am-ը տեղեկացաւ Վիճակագրական Կոմիտէին հրապարակած տեղեկանքէն։ Նշենք, որ մասնաւորապէս քաղաքային բնակչութիւնը կը կազմէ 1.915.300 մարդ, գիւղականը՝ 1.075.600 մարդ։ Ընդգծենք, որ սկսած 2023-ից՝ բնակչութեան թուաքանակի ընթացիկ հաշուառումը կ’իրականացուի ըստ ՀՀ 2022թ. մարդահամարի արդիւնքներուն, եւ ՀՀ մշտական բնակչութեան թուաքանակի 2022թ. ցուցանիշը եւս վերահաշուարկուած է այդ հիմքով:

2023 թ. Յունուար-Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ ծնած է 36 հազար 265  մարդ, մահացած՝ 24 հազար 305։ Մասնաւորապէս մայրաքաղաք Երեւանի մէջ 2023թ. Յունուար-Դեկտեմբերին  ծնած է  10 հազար  529 մարդ, մահացած՝ 8 հազար 178 մարդ։

Բնական յաւելաճը հաշուետու ժամանակաշրջանին կազմած է 11 հազար 960 մարդ, արձանագրուած է ամուսնութեան 16 հազար 207 դէպք, ամուսնալուծութեան՝  4 հազար 525 դէպք։

2023թ. Յունուար-Դեկտեմբերին սեռերու յարաբերակցութեան գործակիցը ողջ ծնած նորածիններու շրջանակին մէջ կազմած է 110.7 տղայ՝ 100 աղջկայ հաշուով։

2023թ. Յունուար-Դեկտեմբերին բնակչութեան կենսունակութեան գործակիցը՝ ծնածներու եւ մահացածներու յարաբերակցութիւնը, կազմած է 149.2%, 2022թ. նոյն ժամանակաշրջանին 136.3%-ի համեմատ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment