Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ 6433 Բռնի Տեղահանուած Արցախցի Հեռացած Է Հայաստանէն. Fip.am

6433 Բռնի Տեղահանուած Արցախցի Հեռացած Է Հայաստանէն. Fip.am

by MassisPost

Fip.am-ը կը գրէ. Տեղեկատուական դաշտին մէջ պարբերաբար կը շրջանառուին Հայաստանը լքած՝ բռնի տեղահանուած արցախցիներու տարբեր թիւեր։

2023 թուականի Դեկտեմբերին ընկերային ցանցերու շարք մը օգտատէրեր ու կայքեր տարածեցին տեղեկութիւն, թէ ՀՀ-ն լքած արցախցիներու թիւը 25 հազար է։ Իսկ աւելի վաղ ալ՝ Հոկտեմբերին, Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը յայտնած էր Հայաստանէն հեռացած 10 հազար արցախցիներու մասին։

Նշենք, որ ՀՀ Ներքին գործերու նախարարութեան Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան պետ Արմէն Ղազարեանը 2023 թուականի ամփոփիչ ասուլիսի ընթացքին յայտնած էր, որ 2024 թուականի Յունուարի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած 115 հազար քաղաքացիի տուեալ հաշուառուած է։

«Փաստերու ստուգման հարթակը» գրաւոր հարցմամբ դիմած էր Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն՝ պարզելու Հայաստանը լքած՝ բռնի տեղահանուած արցախցիներու թիւը։

Այսպէս, 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-էն մինչեւ 2024 թուականի Յունուար 16-ն ինկած ժամանակահատուածին ՀՀ պետական սահմանի օդային ու ցամաքային անցման կէտերով երկրէն մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի հաշուառում ունեցող 12.203 անձ, որմէ 5770-ը վերադարձած է։

Կը ստացուի, որ ընթացիկ տարուայ Յունուար 16-ի դրութեամբ ՀՀ-էն հեռացած եւ չվերադարձած՝ ԼՂ հաշուառում ունեցողներու թիւը 6433 է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment