Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Կ’ակնկալէ, Որ «Հայաստանը Ներկայացնէ Բոլոր Ականապատ Տարածքներուն Ճշգրիտ Քարտէզները»

Պաքուն Կ’ակնկալէ, Որ «Հայաստանը Ներկայացնէ Բոլոր Ականապատ Տարածքներուն Ճշգրիտ Քարտէզները»

by MassisPost

Պաքուն կը յայտարարէ, որ ի գիտութիւն ընդունած է Ատրպէյճանին ականապատ դաշտերու քարտէզները տրամադրելու Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Յունուար 25-ի յայտարարութիւնը։

Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը նշած է, թէ կ’ակնկալեն, որ «Հայաստանը ներկայացնէ բոլոր ականապատ տարածքներուն ճշգրիտ քարտէզները, որոնք դեռ ամբողջութեամբ չեն ներկայացուած Ատրպէյճանին»։

Պաքուն միեւնոյն ժամանակ կը շեշտէ, որ Երեւանը «պէտք է հրատապ միջոցներ ձեռնարկէ 4 հազար անյայտ կորսուած ատրպէյճանցիներու ճակատագրին եւ վերջին 30 տարուան ընթացքին ատրպէյճանցիներու գերեզմաններու տեղին մասին տեղեկութիւններ տրամադրելու ուղղութեամբ»։

«Ականներու զանգուածային եւ նպատակաուղղուած տեղադրումը Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքներուն մէջ յետհակամարտութեան վերականգնողական եւ վերակառուցման լայնածաւալ աշխատանքներուն, այդ տարածքներուն մէջ բնակող քաղաքացիական բնակչութեան վերադարձին եւ անոնց խաղաղ կեանքի հիմնական սպառնալիքներէն են», յայտարարած է Պաքուն՝ Հայաստանը մեղադրելով «ռազմական յանցագործութեան», ինչպէս նաեւ «միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու լուրջ խախտումներու մէջ»։

Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը նշած է, որ ինչպէս «2020 թուականի Հայրենական պատերազմէն առաջ, այնպէս ալ յետհակամարտութեան ժամանակաշրջանին, բազմիցս պահանջած է Հայաստանէն ներկայացնել ականապատ դաշտերուն քարտէզները»։

Ընդգծելով, որ մինչեւ օրս Հայաստանի ներկայացուցած քարտէզներուն ճշգրտութիւնը ընդամէնը 25 տոկոս է՝ Պաքուն կը նշէ, որ այդ քարտէզները անարդիւնաւէտ են, թերի եւ ճշգրիտ չեն ներկայացներ իրական պատկերը։

«Թէեւ այս քարտէզները ցոյց կու տան, որ մեր տարածքներուն մէջ, ըստ տեղեկութիւններուն, տեղակայուած է ընդամէնը 400 հազար ական, սակայն ականներու իրական թիւը կը գերազանցէ մէկ միլիոնը», յայտնած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը։

Նշենք, որ Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը հաղորդեց ականապատ դաշտերու քարտէզներու ութ նոր տեղեկամատեաններու ի յայտ գալուն եւ զանոնք յառաջիկայ օրերուն աշխատանքային խողովակներով ատրպէյճանական կողմին փոխանցելու մասին։

ԱԱԾ-ն նշած է, որ նախապէս քանի մը անգամ, առանց նախապայմաններու, ատրպէյճանական կողմին փոխանցուած են Արցախի ականապատ դաշտերու 972 տեղեկամատեաններ, եւ որ Հայաստանի ներկայացուցիչները բազմիցս յայտարարած են, որ Երեւանի տրամադրութեան տակ աւելի լաւ որակի քարտէզներ պարզապէս չկան, սակայն վերջին շրջանին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կողմէ ականի պայթումէն Ատրպէյճանի քաղաքացիներու մարմնական վնասուածքներ ստանալու քանի մը տեղեկատուութիւններէն յետոյ, Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը վերսկսած է հարցումային աշխատանքը ԼՂ նախկին զինուորներու շրջանակին մէջ, որու պատճառով ի յայտ եկած են թիւով 8 նոր տեղեկամատեաններ։ Անոնց կրկնօրինակները պիտի փոխանցուին միջազգային գործընկերներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment