Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուան Երեւանի Գործընկերն Է Եւ Հայաստանի Պարտութիւնը Կանխողը․ Զախարովա

Մոսկուան Երեւանի Գործընկերն Է Եւ Հայաստանի Պարտութիւնը Կանխողը․ Զախարովա

by MassisPost

Մոսկուան կը մնայ Երեւանի ե՛ւ գործընկերը, ե՛ւ որոշիչ ներդրում ունի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման գործին մէջ, մասնաւորապէս, այդ տեղի ունեցած է 2020 թուականի աշնան, «որոշիչ ներդրում ունի ալ աւելի ծանր իրավիճակի, նոյնիսկ կարելի է ըսել՝ Հայաստանի պարտութիւնը կանխելու գործին մէջ», յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ պատասխանելով լրագրողի հարցումին, թէ արդեօք Մոսկուան պատրա՞ստ է գործընկեր դառնալու Երեւանի՝ ականապատ քարտէզները Պաքուին փոխանցելու հարցով։

«Միաժամանակ միշտ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած ենք հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման մարդասիրական խնդիրներուն, Ռուսաստանը աշխուժօրէն նպաստած է ռազմագերիներու, կալանաւորներու փոխանակման, անյայտ կորսուածներու որոնման, ականապատ դաշտերու քարտէզներու փոխանցման, պատրաստ է շարունակելու այդ ջանքերը, որոնք կը տանին դէպի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատում», յաւելած է ռուսաստանցի դիւանագէտը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment