Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ծրագրին Մէջ Ընդգրկուած Են Փարաճանովի Եւ Ազնաւուրի 100-Ամեայ Յոբելեանները

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ծրագրին Մէջ Ընդգրկուած Են Փարաճանովի Եւ Ազնաւուրի 100-Ամեայ Յոբելեանները

by MassisPost

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանը տարեվերջեան ամփոփիչ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է ժամանակակից արուեստի ոլորտին մէջ իրականացուած աշխատանքներուն։

Ան իր ելոյթին մէջ ըսած է որ, յաջորդ տարի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ծրագրին մէջ ընդգրկուած են Սերկէյ Փարաճանովի եւ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեայ յոբելեանները, որոնք պիտի նշուին ամբողջ աշխարհի մէջ: 2024 թուականի յոբելենական ծրագրերի շրջանակներուն մէջ յաւուր պատշաճի պիտի նշուի նաեւ 19 յոբելեան, ընդ որում՝ Երուանդ Քոչարի 125, Պարոյր Սեւակի 100, Պարարուեստի պետական ուսումնարանի 100, Վալենթին Փոտփոմոկովի 100, Կոմիտասի քառեակի 100, Տիգրան Մանսուրեանի եւ Ռոպերթ Ամիրխանեանի 85-ամեակները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment