Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լրագրողները Այցելեցին Հիւսիսարեւելեան Մարտական Յենակէտ Եւ Զօրամաս

Լրագրողները Այցելեցին Հիւսիսարեւելեան Մարտական Յենակէտ Եւ Զօրամաս

by MassisPost

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ հաւատարմագրուած լրատուամիջուներու ներկայացուցիչներէն կազմուած լրագրողական խումբ մը այցելած է ՀՀ հիւսիսարեւելյան հատուածին մէջ տեղակայուած զօրամաս եւ մարտական յենակէտ:
Նախ լրագրողները ծանօթացան զինուորներու առօրեային, զօրամասին մէջ տեղի ունեցող ուսումնական պարապմունքներու ընթացքին եւ կենցաղային պայմաններուն, ինչպէս նաեւ այց կատարեցին մարտական դիրքեր, ծանօթացան դիրքերու կահաւորուածութեան ու ճարտարապետական աշխատանքներու ընթացքին։ Կը կառուցուէր նաեւ թիկունքի մասնաշէնքը, զօրամասի մարզադահլիճը։

Տավուշի N զօրամասի հրամանատար գնդապետ Վահան Սարգսեանը, խօսելով ատեստաւորման գործընթացի մասին, ըսաւ որ դիմորդները բաւական շատ են, պայմանագրայիններու մեծ հոսք կայ։ Դիմորդներուն մեծ մասը դրական գնահատական կը ստանայ, սակայն ցած է գերազանց ստացողներու թիւը, կը նշէ գնդապետը։

Զօրքի բարոյահոգեբանական վիճակը, ըստ զօրամասի հրամանատարին, բարձր է,  պատերազմէն յետոյ աւելի բարձրացած է։

Սարգսեան նշեց, որ դիրքերուն մէջ իրավիճակը յարաբերական կայուն է, կրակոցներ գրեթէ չեն ըլլար, իրենք ալ մշտապէս պատրաստ են կատարելու իրենց առջեւ դրուած խնդիրը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment