Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Յստակ Որոշած Է Փոխել Իր Արտաքին Քաղաքականութիւնը Եւ Հեռանալ Մոսկուայէն․ ՆԱԹՕ-ի Յատուկ Ներկայացուցիչ

Հայաստանը Յստակ Որոշած Է Փոխել Իր Արտաքին Քաղաքականութիւնը Եւ Հեռանալ Մոսկուայէն․ ՆԱԹՕ-ի Յատուկ Ներկայացուցիչ

by MassisPost

ՆԱԹՕ-ն շատ լաւատես է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ստորագրած համատեղ հռչակագրին վերաբերեալ։

Վրաստանի Առաջին ալիքին տուած հարցազրոյցին այս մասին յայտնած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Խավիեր Քոլոմինան։

«Մենք կը կարծենք, որ սա շատ լաւ նորութիւն է։ Մենք կ’աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Մենք կ’աջակցինք ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ի ջանքերուն այս գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ երկկողմ հիմունքներով ձեռնարկուող ջանքերուն։ Մեզի համար իսկապէս կարեւոր է, որ կայունութիւնը կովկասեան տարածաշրջանին մէջ պահպանուի ոչ միայն այն աշխատանքին շնորհիւ, որը մենք կ’ընենք Վրաստանի մէջ, այլ նաեւ այն կայունութեան միջոցով, որ կրնայ հաստատուիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ», ըսած է ան։

Անդրադառնալով հարցումին, թէ կը տեսնէ՞ Երեւանի շահագրգռուածութիւնը ՆԱԹՕ-ի հետ մերձեցման հարցոէ, Քոլոմինան նշած է, որ Հայաստանը շատ յստակ որոշած է փոխել իր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ որոշակիօրէն հեռանալ Մոսկուայէն․ «Այդ այն է, ինչ մենք կը խրախուսենք: Հայերը ազատ են իրենց որոշումները կայացնելու մէջ, բայց անոնք որոշած են այդ ընել, եւ ես կը կարծեմ, որ անոնք արդէն կը սկսին մօտենալ մեզի՝ աւելի շատ համագործակցութիւն խնդրելով, աւելի շատ քաղաքական երկխօսութիւն պահանջելով, աւելի շատ ՆԱԹՕ-ի ներկայութիւն պահանջելով: Մենք կը սատարենք մեր գործընկերներու որեւէ որոշում, որ, մեր կարծիքով, օգտակար է տարածաշրջանի կայունութեան համար։ Սա շատ կարեւոր է մեզի համար»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment