Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շահրամանեանի Եւ Ատրպէյճանի Ներկայացուցիչներուն Միջեւ «Բանակցութիւններ Չկան»

Շահրամանեանի Եւ Ատրպէյճանի Ներկայացուցիչներուն Միջեւ «Բանակցութիւններ Չկան»

by MassisPost

Սամուէլ Շահրամանեան այս պահուն բանակցութիւններ չի վարեր Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ, եթէ բանակցութիւն ըլլար՝ Արցախի նախագահի աշխատակազմը համապատասխան յայտարարութեամբ հանդէս կու գար, թաքցնելու որեւէ բան չկայ, «Ազատութեան» հետ զրոյցին նշեց Արցախի նախագահի խորհրդական Վլատիմիր Գրիգորեանը։

Նախօրէին Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի նախկին քարտուղար Սամուէլ Բաբայեան պնդած էր, թէ Սամուէլ Շահրամանեան կը բանակցի, ամէն օր կը զանգէ Պաքու, կը խօսի։ «Ի՞նչ է բանակցում», հարցուցած էր Բաբայեանը։

Սամուէլ Շահրամանեանի խորհրդականը ըսաւ, թէ Սամուէլ Բաբայեանին չեն պատրաստուիր արձագանգելու։ Բաբայեան ինք պէտք է ըսէ, թէ ուրկէ իրեն այդպիսի տեղեկութիւն։

Արցախի նախագահին խորհրդականը չբացառեց, որ տեխնիկական հարցերու շուրջ Շահրամանեան կրնայ շփումներ ունենալ ատրպէյճանական կողմին հետ, մասնաւորապէս՝ Պաքուի մէջ գտնուող գերիներու հարցով:

«Եթէ Արցախի նախկին նախագահները կապւում են կամ մեր միւս քաղաքացիները, ովքեր այս պահին գերեվարված են, որոշակի կապի ստեղծում է տեղի ունենում… Ես չեմ կարող ասել, մենք դա կարո՞ղ ենք համարել շփում, թ՞է ոչ, կարող ենք ենթադրել, որ դա զուտ տեխնիկական հարցեր կարող են լինել», ըսաւ Գրիգորեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment