Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեանը Տէյվիտ Քեմերոնի Հետ Քննարկած Է Հարաւային Կովկասին Եւ Հայ-Բրիտանական Ռազմավարական Երկխօսութեան Առնչուող Հարցեր

Արարատ Միրզոյեանը Տէյվիտ Քեմերոնի Հետ Քննարկած Է Հարաւային Կովկասին Եւ Հայ-Բրիտանական Ռազմավարական Երկխօսութեան Առնչուող Հարցեր

by MassisPost

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Բրիտանիոյ իր գործընկեր Տէյվիտ Քեմերոնի հետ քննարկած է վերջերս մեկնարկած հայ-բրիտանական ռազմավարական երկխօսութիւնը։ Այս մասին X-ի մէջ յայտնած է Արարատ Միրզոյեանը։

Հանդիպումը կայացած է Սփոփյէի մէջ (Հիւսիսային Մակեդոնիա) ԵԱՀԿ Նախարարներու Խորհուրդի 30-րդ նստաշրջանի քուլիսներուն մէջ։

«Բրիտանիոյ ԱԳՆ ղեկավար Տէյվիտ Քեմերոնի հետ մտքեր ենք փոխանակել մեր երկկողմ յարաբերութիւնների շուրջ, քննարկել ենք վերջերս սկսուած ռազմավարական երկխօսութիւնը: Շօշափուել են նաեւ տարածաշրջանային թեմաներ, Հարաւային Կովկասում իրադարձութիւնները», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment