Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեանն Ու Պլինքընը Հանդիպած Են Սքոփյէի Մէջ, Քննարկած Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորման Զարգացումները

Միրզոյեանն Ու Պլինքընը Հանդիպած Են Սքոփյէի Մէջ, Քննարկած Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորման Զարգացումները

by MassisPost

Նոյեմբեր 29-ին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Հանդիպումը կայացած է Սքոփյէ քաղաքին մէջ՝ ԵԱՀԿ նախարարական համաժողովի շրջանակներուն մէջ։

Քննարկուած են Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան առնչուող հարցեր։ Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն։ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ չնայած Ատրպէյճանի ցուցաբերած ոչ-կառուցողական կեցուածքին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած ցեղային զտման ու առկայ մարդասիրական խնդիրներուն՝ Հայաստանը Ատրպէյճանին փոխանցած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին վերաբերեալ առաջարկները՝ յայտնի սկզբունքներուն համապատասխան, եւ վերջիններուս Ատրպէյճանի յստակ յանձնառութեան պարագային հնարաւոր պիտի ըլլայ նախագիծի համաձայնեցման ուղղութեամբ արձանագրել էական յառաջընթաց։

Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային ծրագրերու, որոնց ծիրին մէջ նախարար Միրզոյեան վկայակոչած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծը՝ ընդգծելով նաեւ տարածաշրջանի կայունութեան համար անոր իրականացման արդիւնքով ակնկալուող առաւելութիւնները։

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ամերիկեան երկկողմ օրակարգին։ Միտքեր փոխանակուած են երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու վրայ առկայ համագործակցութեան ու անոր ընդլայնման հեռանկարներուն շուրջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment