Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղէն Հեռացած Մարդիկ Իրաւունք Ունին Տուն Վերադառնալու․ Միլլըր

Լեռնային Ղարաբաղէն Հեռացած Մարդիկ Իրաւունք Ունին Տուն Վերադառնալու․ Միլլըր

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած մարդիկ իրաւունք ունին տուն վերադառնալու եւ այդ իրաւունքը պէտք է պահպանուի, ամէնօրեայ ճեպազրոյցին, պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն հարցումին, ըսած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըրը:

Լրագրողը, մասնաւորապէս, հետաքրքրուելած էր խօսնակէն, թէ Գոնկրէսին մէջ կայանալիք լսումներէն առաջ կ’ուզէ իմանալ՝ ինչ կը պատրաստուին ըսելու լսումներուն Լեռնային Ղարաբաղի ապագայի հարցով՝ շեշտելով, որ «մէկ կողմէ ունիք Ատրպէյճան, որ կը տօնէ յաղթանակը՝ ռուսական բանակով շրջապատուած քաղաքին մէջ, եւ ունիք Հայաստան, որուն Ռուսաստանը ամէն օր բռնութեան կ’ենթարկէ՝ ըսելով, որ որեւէ տեղ չեմ երթար, ես որեւէ տեղ պիտի չերթամ։ Ձեր կարծիքով՝ այստեղ երջանիկ աւարտ կա՞յ»։

Միլլըր պատասխանած է․ «Ես ուղղակի կ’ըսեմ այն, ինչ նախապէս ըսի. ես չեմ ուզեր խօսիլ վաղը կայանալիք լսումներուն մասին, բայց կ’ըսեմ, որ մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած մարդիկ իրաւունք ունին վերադառնալու տուն, եթէ կը փափաքին այն ընել, եւ այդ իրաւունքը պէտք է պահպանուի»։

Աղբիւրը՝ azatutyun.am

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment