Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կը Շարունակէ Ընդլայնուիլ Հայաստան-ՄԹ Համագործակցութիւնը Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ․ ՀՀ ԱԳՆ

Կը Շարունակէ Ընդլայնուիլ Հայաստան-ՄԹ Համագործակցութիւնը Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ․ ՀՀ ԱԳՆ

by MassisPost

Շուտով պիտի սկսի աշխատիլ Հայաստանի սահմաններու կառավարման կարողութիւններուն աջակցութիւնը՝ ուղղուած անվտանգութեան եւ գաղթի հարցերու լուծման, կը տեղեկացնէ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը՝ նշելով, որ Նոյեմբեր 13-ին Լոնտոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ ռազմավարական երկխօսութեան առաջին նիստի արդիւնքներով համատեղ յայտարարութիւն ընդունուած է, արձանագրուած են երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը, այդ շարքին՝ առեւտրատնտեսական կապերու ոլորտին մէջ։

Կը շարունակէ ընդլայնուիլ Հայաստան-ՄԹ համագործակցութիւնը պաշտպանութեան ոլորտին մէջ, կը փոխանցէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը՝ ընդգծելով, որ երկու կողմերը կ’ակնկալեն այս ամսուան վերջը իրականացնել Հայաստան-ՄԹ գլխաւոր շտաբերու միջեւ բանակցութիւններուն վեցերորդ փուլը:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ նախարարները համակարծիք են Ալմա-Աթայի հռչակագրով ամրագրուած՝ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններրու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման բացարձակ անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր երկրի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան լիակատար յարգանքի վրայ հիմնուած՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման հարցով:

Եւրոպայի հարցերով նախարարը ընդգծած է երկարատեւ հակամարտութենէն տուժածներուն աջակցելու Միացեալ Թագաւորութեան յանձնառութիւնը, այդ շարքին՝ Սեպտեմբերին յայտարարուած՝ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին 1 միլիոն սթերլին ֆինանսաւորման միջոցով:

«Երկու կողմերը կ’ակնկալեն ամրապնդել Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ յարաբերութիւնները այս ռազմավարական երկխօսութեան մեկնարկի շրջանակներէն դուրս, ներառեալ Եւրոպայի հարցերով նախարարի՝ Հայաստան յառաջիկայ այցի եւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի (CEPA) միջոցով, որ միասնաբար յոյս ունինք կեանքի կոչել յառաջիկայ ամիսներուն», ըսուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment