Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայկ Սարգսեանը Խախտած Է Օրէնքը՝ Հրապարակելով Զօրակոչիկներու Թիւը. Արթուր Սաքունց

Հայկ Սարգսեանը Խախտած Է Օրէնքը՝ Հրապարակելով Զօրակոչիկներու Թիւը. Արթուր Սաքունց

by MassisPost

Մինչ իշխանական պատգամաւորը կը պնդէ, որ պետական գաղտնիք չէ հրապարակած, երբ յայտարարած է զօրակոչիկներու թիւը, տարիներով այդ վիճակագրութիւնը նախարարութենէն չստացած իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցը կը հակադարձէ՝ Հայկ Սարգսեանը խախտած է օրէնքը։

«Խնդիրն այն է, որ օրէնքի առջեւ բոլորի հաւասար պատասխանատուութեան սկզբունքը՝ մէկ, միւսը՝ եթէ մի դէպքում համարւում է կամ մէկ այլ անձանց համար, այդ թւում՝ իրաւապաշտպան կազմակերպութեան համար համարւում է գաղտնիք, իսկ պատգամաւորի համար, թէկուզ կառավարող կուսակցութեան պատգամաւորի համար դա գաղտնիք չի հանդիսանում, ապա դա շատ տարօրինակ է», «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ ան։

Արթուր Սաքունցը կը վկայակոչէ «պետական գաղտնիքի մասին» օրէնքը, ըստ որուն՝ զինուած ուժերու թուաքանակը պետական գաղտնիք կը համարուի, իսկ քրէական օրէնսգիրքով այս տեղեկութեան հրապարակումը մինչեւ 6 տարուան բանտարկութիւն կը նախատեսէ։

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագրի» պատգամաւորը ներկայացուց իր նախագիծը, որով կ’առաջարկէ բանակէն խուսափածները ազատել քրէական պատասխանատուութենէ մինչեւ 15 միլիոն դրամի դիմաց։ Հայկ Սարգսեանը բանակի մտահոգիչ իրավիճակը ներկայացնելու համար իր ձեռքին տակ ունեցած թիւերը հրապարակած էր։

«2010 թուականին ունեցել ենք աւելի քան 44 հազար ժամկէտային զինծառայող, եւ 9 տարուայ ընթացքում այդ թիւը պակասել է 44 տոկոսով, այսինքն՝ 44 հազարից դարձել է 24 հազար», յայտնած էր ան:

Բանակի խնդիրներով զբաղող Արթուր Սաքունցը կը յիշեցնէ իր՝ տարիներու ձախողուած փորձի մասին, երբ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը այս թիւը չհանրայնացնելու իր իրաւունքը պաշտպանած է դատարանին մէջ։

«Մեզ մերժել են այն հիմնաւորմամբ, որ դա հանդիսանում է պետական գաղտնիք, այնուհետեւ անգամ մենք դատարան ենք դիմել, դատարանն էլ է մերժել՝ գտնելով, որ իրապէս հիմնաւոր է, որ դա համարուի պետական գաղտնիք», պատմեց Սաքունցը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment