Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Թեհրանի Մէջ «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպման Մասին

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Թեհրանի Մէջ «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպման Մասին

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կ’ողջունէ որեւէ բարեխիղճ ներգրաւուածութիւն, որ կը նպաստէ խաղաղութեան ու կայունութեան Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն համար՝ անկախ անկէ, թէ ուր կ’ընթանան այդ բանակցութիւնները կամ ով զանոնք կը հիւրընկալէ։

Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մամուլի խօսնակ Մեթիու Միլլըրը՝ անդրադառնալով Թեհրանի մէջ Հայաստանի, Իրանի, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպման։

Ճեպազրոյցի ժամանակ լրագրողներէն մէկը նշած է, որ Թեհրանը հիւրընկալած է հնգակողմ հանդիպում, որուն մաս են նաեւ Թուրքիան ու Ռուսաստանը եւ անոնք ալ կը քննարկեն Հայաստան-Ատրպէյճան հարցը։ Ան Պետական Քարտուղարութեան խօսնակէն խնդրած է մեկնաբանել այդ հանդիպումը, որուն ի պատասխան՝ Միլլըր նշած է․

«Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Ատրպէյճան հարցին, մենք կ’ողջունենք որեւէ բարեխիղճ ներգրաւուածութիւն, որ կը նպաստէ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդի խաղաղութեան ու կայունութեան՝ անկախ անկէ, թէ ուր տեղի կ’ունենան այդ բանակցութիւնները, կամ ով կ’ընդունի զանոնք։ Ասով հանդերձ մենք կը ճանչնանք Հարաւային Կովկասի աշխարհագրական նուրբ դիրքը Ռուսաստանի եւ Իրանի նկատմամբ, բայց այդ երկիրները վստահելի գործընկեր չենք համարեր», ըսած է Միլլըր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment