Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «3+3»-ի Հանդիպման Ընթացքին Ընդգծուած Է Տարածքային Ամբողջականութեան, Սահմաններու Անխախտելիութեան Կարեւորութիւնը

«3+3»-ի Հանդիպման Ընթացքին Ընդգծուած Է Տարածքային Ամբողջականութեան, Սահմաններու Անխախտելիութեան Կարեւորութիւնը

by MassisPost

«3+3» տարածաշրջանային հարթակի յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Թուրքիոյ մէջ, ըսուած է Թեհրանի մէջ արտաքին գործերու նախարարներու մակարդակով կայացած հանդիպման վերաբերեալ համատեղ հաղորդագրութեան մէջ։ Ժամկէտները չկան, կը նշուի, որ անոնք պիտի համակարգուին դիւանագիտական խողովակներու միջոցով:

Բացի անկէ, արտաքին գործերու նախարարները, հաշուի առնելով երկիրներուն միջեւ փոխադարձ շահերու եւ բարիդրացիական հարեւանութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը, ընդգծած են այդ առումով վէճերու խաղաղ կարգաւորման, ինքնիշխանութիւնը յարգելու, քաղաքական անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիությեան, ներքին գործերուն չմիջամտելու, սպառնալիքի կամ ուժի կիրառման արգելքի եւ մարդու իրաւունքները յարգելու կարեւորութիւնը` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան բոլոր սկզբունքներու հիման վրայ:

Թեհրանի մէջ հանդիպման մասնակցած են Հայաստանի, Իրանի, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները։

Անոնք քննարկած են տարածաշրջանին մէջ առկայ ամենակարեւոր հարցերը եւ ընդգծած «3+3» հարթակին կարեւորութիւնը:

«Տեւական խաղաղութեան եւ տնտեսական զարգացման խթանման համար պէտք է ամրապնդեն երկկողմ եւ բազմակողմ խորհրդակցութիւններն ու փոխգործակցութիւնը:
Դրական գնահատելով այս հանդիպման արդիւնքները` անոնք վերահաստատած են, որ այս հարթակը բաց է Վրաստանի հաւասար մասնակցութեան համար», ըսուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ։

«3+3» ձեւաչափով նախաձեռնութիւնը 2020 թուականին՝ 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն յետոյ, ներկայացուցած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները: Պաշտօնական Թիֆլիսը այն ժամանակէն յայտնած է, որ կը հրաժարի հաւաքներուն մասնակցելէ:

2021 թուականի Դեկտեմբեր 10-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է հինգ երկիրներու արտաքին գործերու փոխնախարարներու մակարդակով խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակի առաջին այդօրինակ հաւաքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment