Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հիմա Նոր Իրավիճակ Ստեղծուած Է Եւ ԼՂ-ի Պատասխանատու Քաղաքական Դերակատարները Պէտք Է Գան Առաջին Գիծ. Բաբաջանեան

Հիմա Նոր Իրավիճակ Ստեղծուած Է Եւ ԼՂ-ի Պատասխանատու Քաղաքական Դերակատարները Պէտք Է Գան Առաջին Գիծ. Բաբաջանեան

by MassisPost

Այսօրուան իրադարձութիւնները, ծեծկռտուքը Արցախի ներկայացուցչութեան մօտ կը խօսին հրատապ լուծումներու անհրաժեշտութեան մասին։ Այն ինչ տեղի ունեցաւ այսօր, եւ այն ինչ կրնայ տեղի ունենալ վաղը որեւէ լաւ հեռանկար չի խոստանար։

Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան առաջնորդ Արման Բաբաջանեանը:

Ըստ Բաբաջանեանի, այն անձը, որ պահ մը սպառնալից ոճով դիմեց ժողովուրդին ու անհետացաւ շէնքին առջեւէն չի կրնար ըլլալ արցախցիներուն ներկայացուցիչը, կամ ներկայացնել արցախահայերը։

«Դադարեցրէք այդ թերաճ անմեղսունակ դաւաճանին որպէս նախագահ ներկայացնել՝ նա Բակօ Սահակեանի զինուորն է, Բակօ Սահակեանի համակարգողն էլ Սերժ Սարգսեանն է։

«Շահրամանեանը չի դրուել Արցախի նախագահի պաշտօնին, որ ինքնագլուխ յայտարարութիւններ անի։ Նա այդ կարողութիւնը չունի: Շահրամանեանի գործունէութեան սենարը պէտք է մշակուէր Երեւանում, իրագործուէր Արցախում։

«Հիմա նոր իրավիճակ է ստեղծուել, եւ Արցախի պատասխանատու քաղաքական դերակատարները պէտք է գան առաջին գիծ։

«Եթէ ոեւէ մէկը ուզում է արցախցիների խնդրով որեւէ դերակատարում ստանձնել պէտք է հրապարակաւ դատապարտի Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ Բակօ Սահակեանի, Արկադի Ղուկասեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի Արցախում պաշտօնավարման ժամանակահատվածներում կազմակերպուած թալանը, ապացուցի, որ որեւէ կերպ այդ շրջանակի հետ կապուած չէ եւ սկսի սերտ աշխատել արցախցիների խնդիրներով Հայաստանի կառավարութեան հետ։

«Ես ճանաչում եմ այդպիսի ազնիւ արցախցի պաշտօնեաների, յուսամ այս օրհասական պահին նրանք կը ստանձնեն պատասխանատուութիւն, չեն լքի արցախցիներին», ըսուած է գրառման մէջ։

Ինչպէս յայտնած ենք, Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած բազմաթիւ քաղաքացիներ առաւօտէն բողոքի ցոյցի դուրս եկած էին Երեւանի մէջ՝ Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքին դիմաց: Անոնք կը պնդէին, որ ունին բազմաթիւ խնդիրներ, հարցումներ եւ կ’ակնկալեն պատկան ներկայացուցիչներէն անոնց պատասխանները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment