Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հաշուառուած Ու Նոյնականացուած Են ԼՂ-էն Բռնի Տեղահանուած Աւելի Քան 101 Հազար 840 Անձի Տուեալներ

Հաշուառուած Ու Նոյնականացուած Են ԼՂ-էն Բռնի Տեղահանուած Աւելի Քան 101 Հազար 840 Անձի Տուեալներ

by MassisPost

Արդէն հաշուառուած ու նոյնականացուած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած 101 հազար 848 անձի տուեալներ։

«Մարդասիրական կեդրոն»-ին մէջ կայացած ասուլիսի ընթացքին այս մասին ըսած է ՀՀ Ներքին Գործերու Նախարարութեան Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան պետ Արմէն Ղազարեանը՝ յաւելելով, որ հաշուառուած եւ նոյնականացուած անձերէն 48 հազար 964-ը արական սեռի է, 52 հազար 884-ը՝ իգական։

Պարզաբանելով, թէ ինչո՞ւ Հոկտեմբեր 17-էն դադրեցուած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու տուեալներուն ուղիղ մուտքագրումը ՀՀ տարածքին գործող Մարդասիրական կեդրոններէն, ան նշած է, որ ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած անձերուն ճնշող մեծամասնութիւնը արդէն իսկ հաշուառուած է։

«Մնացած բոլոր դէպքերում բռնի տեղահանուած անձինք դեռեւս կարող են մօտենալ տեղական ինքնակառավարման մարմիններ՝ թաղապետարաններ՝ Երեւանի պարագայում, իսկ մարզերում՝ համայնքապետարաններ,  եւ ներկայացնել իրենց տուեալները։ Դրանք թղթային տարբերակով կը հաստատուեն, այնուհետեւ կը փոխանցուեն Ներքին Գործերի Նախարարութեան Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութիւն։ Լրացուցիչ ուսումնասիրութիւնների, այլ տուեալների շտեմարանների հետ համադրման եւ ճշգրտման  արդիւնքում նոր տուեալները կը մուտքագրուեն ԼՂ-ից բռնի տեղահանուածների վերաբերեալ տուեալների շտեմարան», մանրամասնած է Ղազարեանը՝ կոչ ընելով հաշուառուելու մինչեւ սահմանուած վերջնաժամկէտը՝ Հոկտեմբեր 25։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment