Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն Կրնայ Ընդլայնել Առաքելութիւնը Հայաստանի Մէջ՝ Ի Պատասխան Պաքուի Սպառնալիքին

ԵՄ-ն Կրնայ Ընդլայնել Առաքելութիւնը Հայաստանի Մէջ՝ Ի Պատասխան Պաքուի Սպառնալիքին

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը կրնայ ընդլայնել իր դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ՝ ի պատասխան Պաքուի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիքներուն։ Այդ մասին Պրիւքսէլի մէջ լրագրողներուն յայտնած է ԵՄ բարձրաստիճան պաշտօնեան:

«Մենք յստակ ըսած ենք Ալիեւին, որ անհանգստացած ենք Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը խաթարելու որեւէ փորձով: Մեր առաքելութիւնը պիտի ամրապնդուի: Ահա թէ ինչ մենք կ’ըսենք Պաքուին», ըսած է ան՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, թէ արդեօք ԵՄ-ն մտավախութիւն ունի՞, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Պաքուի ռազմական գործողութիւններուն թոյլ արձագանգելու պատճառով Պաքուն շուտով կրնայ յարձակիլ Հայաստանի վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment