Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Մնացած Որոշ Մարդիկ Փոխադրամիջոց Կը Խնդրեն՝ Հեռանալու Համար. ԿԽՄԿ

Արցախի Մէջ Մնացած Որոշ Մարդիկ Փոխադրամիջոց Կը Խնդրեն՝ Հեռանալու Համար. ԿԽՄԿ

by MassisPost

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն կը յայտնէ, որ Արցախի մէջ որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ նոր անձեր կը գտնեն:

«Փոքր թիւով մարդիկ կը մնան իրենց տուներուն մէջ կա՛մ իրենց ընտրութեամբ, կա՛մ այն պատճառով, որ չեն կրցած հեռանալ: Ոմանց անհրաժեշտ է բժշկական օգնութիւն, սնունդ եւ ջուր: Միւսները օգնութիւն կը խնդրեն հարազատներու հետ կապ հաստատելու կամ ալ հեռանալու համար փոխադրամիջոց ստանալու նպատակով: Տուները, խանութներն ու գրասենեակները լքուած են, իսկ փողոցներուն մէջ կարելի է տեսնել բազմաթիւ շուներ եւ կատուներ», յայտնած են ԿԽՄԿ-էն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment