Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շուրջ 5 Հազար Խաղաղ Բնակիչ Տեղափոխուած Է ԼՂ-ի Մէջ Ռուս Խաղաղապահ Զօրախումբի Տեղակայման Վայր

Շուրջ 5 Հազար Խաղաղ Բնակիչ Տեղափոխուած Է ԼՂ-ի Մէջ Ռուս Խաղաղապահ Զօրախումբի Տեղակայման Վայր

by MassisPost

Շուրջ 5 հազար խաղաղ բնակիչ տեղափոխուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի տեղակայման վայր, հաղորդած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը՝ նշելով, որ աշխոյժ ռազմական գործողութիւններու մեկնակէն ի վեր խաղաղ բնակիչներ տարհանուած են Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Ասկերանի շրջաններէն։

Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը կը նշէ, որ ռուս խաղաղապահները կը շարունակեն փոխգործակցութիւնը Պաքուի, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի հետ՝ արիւնահեղութեան կանխման, խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ անվտանգութեան եւ մարդասիրական իրաւունքի պահպանման, ինչպէս նաեւ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ։

«Տարհանուած բոլոր բնակիչներուն տրամադրուած են հանգիստի վայրեր եւ տաք սնունդ։ Անոնց կ’օգնեն Ռուսիոյ յատուկ նշանակութեան զօրքերու բժշկական ստորաբաժանման զինուորականները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment