Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Կը Հրաժարի Միջազգային Միջնորդութենէն․ Մանրամասնութիւններ Միշէլ-Ալիեւ Հեռախօսազրոյցէն

Պաքուն Կը Հրաժարի Միջազգային Միջնորդութենէն․ Մանրամասնութիւններ Միշէլ-Ալիեւ Հեռախօսազրոյցէն

by MassisPost

«Ազատութիւն» ռատիոկայանին մանրամասնութիւններ յայտնի դարձած են Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի երէկուան հեռախօսազրոյցէն։

Եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը փոխանցեն, թէ Միշէլը խիստ հիասթափութիւն յայտնած է Ղարաբաղի մէջ ուժի կիրառման առնչութեամբ եւ վերստին ընդգծած է «զինադադարի պահպանման եւ ԼՂ հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան համար անյապաղ վստահելի երաշխիքներ տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը»։

«Այն միջոցները, որ ձեռնարկած է Պաքուն, ուղղակի անընդունելի են։ Միջազգային մակարդակով, ընդ որում՝ Եւրոմիութեան մէջ բացասական արձագանգ կայ», փոխանցած է Միշէլը Ալիեւին, ընդգծելով, որ Պրիւքսէլի մէջ քննարկումներ եղած են Ատրպէյճանի դէմ հնարաւոր քայլեր ձեռնարկելու վերաբերեալ։ Մինչ այս պահը, սակայն, որեւէ երկիր կամ կազմակերպութիւն չէ յայտարարած Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կամ սահմանափակումներ կիրառելու մասին։

«Այժմ կարեւոր է կեդրոնանալ մարդասիրական վիճակին վրայ․ Ատրպէյճանը պէտք է երաշխաւորէ, որ հայերը յարգուին եւ Ատրպէյճանի մէջ ապագայ ունենան», ըստ «Ազատութեան» աղբիւրին, ըսած է Միշէլ՝ նշելով, որ անվտանգութիւնը ապահովելու հարցով պէտք է դեր ունենայ նաեւ միջազգային համայնքը։

Ատրպէյճանի նախագահը մինչդեռ պնդած է, թէ Ղարաբաղի դէմ գործողութիւնը արդարացուած էր, «սա Ատրպէյճանի ներքին գործն է», եւ միջազգային միջնորդութեան կարիք ինք չի տեսներ։

«Պաքուն այժմ կեդրոնացած է վերահամարկման վրայ», ըսած է Ալիեւ՝ յաւելելով, որ Ատրպէյճանը կը հրաժարի միջազգային միջնորդութենէն:

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Ինչպէս կը փոխանցէ Եւրոմիութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան, Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավարը ընդգծած է, որ Հայաստանի դէմ ուժի որեւէ գործադրում անընդունելի է, եւ ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է, որ Ատրպէյճանը վերահաստատէ յարգանքը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ։ Ալիեւ վստահեցուցած է, թէ Պաքուն հաւատարիմ է նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան եւ տարածքային նկրտում չունի Հայաստանի հանդէպ։

Միաժամանակ, Ատրպէյճանի նախագահը մեղադրած է պաշտօնական Երեւանը՝ սահմանազատման գործընթացը ձգձգելու մէջ:

«Հայաստանն է, որ կ’արգելափակէ յառաջընթացը», ըսած է Ալիեւ Միշէլին՝ յաւելելով, որ կողմերուն աջակցութիւն անհրաժեշտ է, որպէսզի կարենան արագօրէն յառաջ շարժիլ։

Պրիւքսէլէն բացի այս գործընթացին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած էր նաեւ պաշտօնական Մոսկուան։

Ի դէպ, Ալիեւի հետ հեռախօսազրոյցին Միշէլ նշած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու համաներման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ պէտք է պայմաններ ստեղծուին անոնց անվտանգ, արժանապատիւ եւ կամաւոր ելքի համար։ Ատրպէյճանի ղեկավարը չէ բացառած, որ Պաքուն կրնայ «ներել անոնց, որ վար դրած են զէնքերը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment