Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Երեւանէն Կը Պահանջէ Չմեծցնել Ռազմական Ներուժը, Լուծարել ԼՂ-ի Պետական Կառոյցները

Պաքուն Երեւանէն Կը Պահանջէ Չմեծցնել Ռազմական Ներուժը, Լուծարել ԼՂ-ի Պետական Կառոյցները

by MassisPost

Պաքուն Երեւանէն կը պահանջէ չմեծցնել ռազմական ներուժը, լուծարել Արցախի պետական կառոյցները, այս մասին կ’ըսուի Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

«Հայաստանէն կը պահանջենք դադրեցնել մեծցնել ռազմական ներուժը, ձեռնպահ մնալ վրէժխնդրական ծրագրերէն, չխախտել եւ կասկածի տակ չդնել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, դադրեցնել անջատողականութեան եւ ահաբեկչութեան հովանաւորումը Ատրպէյճանի Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ։ Կը պահանջենք նաեւ անյապաղ դուրս բերել հայ զինուորները, լուծարել Հայաստանին ենթակայ խամաճիկ վարչակարգի ռազմական եւ այսպէս կոչուած «կառավարական» կառոյցները, զինաթափել Ատրպէյճանի տարածքին անօրինական կերպով տեղակայուած հայկական բոլոր զինուած ուժերը», յայտարարած է պաշտօնական Պաքուն՝ յաւելելով, որ «այդ պարագային ապօրինի վարչակարգի, այսպէս կոչուած, «ներկայացուցիչներու» նկատմամբ կրնայ կիրառուիլ համաներում։

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ ԱԳՆ-ի մէջ հանդիպում կայացած է այդ երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու եւ Ալիեւի վարչակազմին, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ներկայացուցիչներուն, արտաքին գործերու նախարարի տեղակալին միջեւ։

Հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերեալ տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները օտարերկրեայ դիւանագէտներուն դժգոհած են հայկական կողմի «ապակառուցողական քայլերէն», մարդասիրական ճգնաժամը «քաղաքականացնելու» փորձերէն, հերթական անգամ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մասին պնդումները իրականութեան չեն համապատասխաներ։

Հաղորդագրութեան մէջ անդրադարձ կայ նաեւ ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած լսումներուն, որ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները «բեմադրութիւն» որակած են։ «Կը ցաւինք, որ Պետական Քարտուղարութեան ներկայացուցիչը միացած է միակողմանի հակաատրպէյճանական յայտարարութիւններուն», ըսուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment