Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԽ Դիտորդները Արձանագրած Են Լաւ Կազմակերպուած Քուէարկութիւն Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն

ԵԽ Դիտորդները Արձանագրած Են Լաւ Կազմակերպուած Քուէարկութիւն Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն

by MassisPost

Եւրոպայի Խորհուրդի տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու գոնկրէսը, որ աւարտած է իր դիտորդական առաքելութիւնը Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն, քուէարկութեան գործընթացը բնութագրած է որպէս «հանգիստ, խաղաղ եւ լաւ կազմակերպուած», իսկ մասնակցութեան ցուցանիշը որակած է որպէս «պատմականօրէն ցած»։ Այս մասին կը նշուի Գոնկրէսի տարածած յայտարարութեան մէջ։

«Ընդհանուր առմամբ, պատուիրակութիւնը արձանագրած է հանգիստ, խաղաղ եւ լաւ կազմակերպուած ընտրութիւններու օր՝ առանց լուրջ միջադէպերու կամ անբնական երեւոյթի», նշուած է պատուիրակութեան յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ արձանագրուած է, որ նոյնականացման սարքերը եւ տեսախցիկները աշխատած են անխափան՝ նուազեցնելով կեղծիքի հնարաւորութիւնը։

9 հոգիէ կազմուած պատուիրակութիւնը՝ Գարլա Տեժոնկէի գլխաւորութեամբ, պատահականութեան սկզբունքով այցելած է 113 ընտրատեղամաս Երեւանի բոլոր  12 վարչական շրջաններու մէջ։

«Մենք կ’ողջունենք այն բարեփոխումները, որոնք տեղի ունեցած են Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխման բերումով, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի ջանքերը, որոնք նպաստեցին ընտրութիւններու օրուան ընդհանուր թափանցիկութեան ու արհեստավարժութեան։ Այդ փոփոխութիւնները կը ներառէին ընտրատեղամասերու նախագահներու եւ քարտուղարներու յատուկ վերապատրաստում, եւ մենք խորհուրդ կու տանք ապագային զանոնք պարտադիր դարձնել՝ ընտրական ընթացակարգերը աւելի օրինաչափական դարձնելու նպատակով», գրած է Եւրոպայի խորհուրդի տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու գոնկրէսը։

ԵՄ դիտորդները, սակայն, ցաւով արձանագրած են ընտրողներու շրջանակին մէջ հետաքրքրուածութեան պակասը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment