Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Պատրաստ Ենք Օգնելու Հայկ Մարութեանին, Եթէ Ինքն Ալ Մեզի Օգնէ՝ Սպասարկէ Ամբողջական Իշխանափոխութեան Մեր Օրակարգը». Անդրանիկ Թեւանեան

«Պատրաստ Ենք Օգնելու Հայկ Մարութեանին, Եթէ Ինքն Ալ Մեզի Օգնէ՝ Սպասարկէ Ամբողջական Իշխանափոխութեան Մեր Օրակարգը». Անդրանիկ Թեւանեան

by MassisPost

«Մայր Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Անդրանիկ Թեւանեան մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսաւ, որ իրենք ունին սկզբունքներ, որոնք եթէ այլ ուժեր ընդունին, ապա հնարաւոր կ’ըլլայ համագործակցել. «Առաջինը՝ պէտք է գնահատական տրուի Նիկոլ Փաշինեանի վարած քաղաքականութեանը։ Երկրորդը այն է, որ այն ուժը, որի հետ մենք կը համագործակցենք, պէտք է հնարաւորութիւն չտեսնի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան հետ համագործակցութեան, եւ այդ ուժը պէտք է կիսի մեր ծրագիրը, այն է՝ ամբողջական իշխանափոխութիւն Հայաստանում»։

Թեւանեան ըսաւ, որ իրենք բաց են քննարկումներու համար, որոնք կ’ուզեն համագործակցիլ. «Ուղղակի բանակցութիւններ չկան հիմա դաշինքի հետ կապուած։ Մեր սկզբունքը հետեւեալն է. մենք պատրաստ ենք քննարկել համագործակցութեան մասով, բայց եթէ այդ ուժը կը կիսի մեր ծրագիրը,  այն է՝ ամբողջական իշխանափոխութիւն»։

Ինչ կը վերաբերի Հայկ Մարութեանի հետ համագործակցութեան, ապա Թեւանեան ըսաւ. «Մենք կարող ենք օգնել, որպէսզի ինքը ձայներ հաւաքի, բայց դա այն դէպքում, եթէ ինքը կիսի մեր տեսակէտները ամբողջական իշխանափոխութեան մասով. եթէ այս մասով լինեն յստակ յայտարարութիւններ, ապա մենք կը շարունակենք քննարկումները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment