Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արթուր Յարութիւնեանը Նշանակուեցաւ Արցախի Պետական Նախարար

Արթուր Յարութիւնեանը Նշանակուեցաւ Արցախի Պետական Նախարար

by MassisPost

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հրամանագրով Արթուր Յարութիւնեանը նշանակուած է պետական նախարար։

Արցախի պետական նախարարը պիտի համակարգէ առողջապահութեան,
արդարադատութեան, գիւղատնտեսութեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի, ընկերային զարգացման եւ գաղթի, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու, քաղաքաշինութեան, ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարներու գործունէութիւնը, կը յայտնէ Արցախի նախագահին գրասենեակը: Ուժային եւ դիւանագիտական գերատեսչութիւնները պետական նախարարը չի համակարգեր:

Արթուր Յարութիւնեանը, որ, ի դէպ, ազգակցական կապեր ունի Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ, նախապէս շարք մը բարձր պետական պաշտօններ զբաղեցուցած է՝ այդ շարքին հետախուզութեան վարչութեան պետ, ելեւմուտքի նախարար։ Մինչ պետական նախարարի պաշտօնին նշանակուիլը խորհրդարանին մէջ կը ներկայացնէր մեծութեամբ առաջին խմբակցութիւնը՝ «Ազատ Հայրենիք – ՔՄԴ» կուսակցութիւններու դաշինքը։ Սեպտեմբեր 11-ին ան հրաժարականի դիմում ներկայացուց։ Յարութիւնեանը նաեւ խորհրդարանի Ելեւմտապիւճէական եւ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահն էր։

Արցախի նախագահի պաշտօնէն Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականէն ի վեր Արցախի մէջ խօսակցութիւններ կը շրջանառուէին պետական նախարարի պաշտօնին նոյն ինքն Յարութիւնեանը նշանակելու մասին։

Պետական նախարարի պաշտօնը Արցախի մէջ կը գործէ 2018 թուականէն՝ կառավարման համակարգի փոփոխութեան բերումով։ Վերջին հինգ տարուան ընթացքին Յարութիւնեանը այդ պաշտօնին նշանակուած 6-րդ գործիչն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment