Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինով Ստեփանակերտ Տեղափոխուած Է Մօտ 23 Թոն Հայկական Արտադրութեան Ալիւր, Իսկ Ակնա Ճանապարհով՝ Արտասահմանեան Արտադրութեան Բժշկական Եւ Մաքրութեան Պարագաներ

Լաչինով Ստեփանակերտ Տեղափոխուած Է Մօտ 23 Թոն Հայկական Արտադրութեան Ալիւր, Իսկ Ակնա Ճանապարհով՝ Արտասահմանեան Արտադրութեան Բժշկական Եւ Մաքրութեան Պարագաներ

by MassisPost

Սեպտեմբեր 18-ին, Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Ստեփանակերտի գրասենեակի եւ Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրախումբի հրամանատարութեան հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, Բերձորի միջանցքով՝ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիով Ստեփանակերտ տեղափոխուած է մօտ 23 թոն հայկական արտադրութեան ալիւր, իսկ Ակնա-Ստեփանակերտ ճանապարհով՝ արտասահմանեան (ռուսական, զուիցերիական) արտադրութեան բժշկական եւ մաքրութեան պարագաներ, որոնք փորձաքննութենէն յետոյ պիտի յատկացուին համապատասխան գերատեսչութիւններուն եւ պիտի օգտագործուին ըստ կարիքներու․ կը տեղեկացնեն Արցախի տեղեկատուական շտաբէն։

Տեղեկացուցած են նաեւ, որ քանի մը օր յետոյ կրկին նոյն ուղղութիւններով Ռուսիոյ Ռոսթով քաղաքէն բեռներու տեղափոխում կը նախատեսուի ԿԽՄԿ-ի ինքնաշարժներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment