Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Ընտրութեան Նախնական Արդիւնքներով Ուժերէն Որեւէ Մէկը Չունի Մեծամասնութիւն

Երեւանի Ընտրութեան Նախնական Արդիւնքներով Ուժերէն Որեւէ Մէկը Չունի Մեծամասնութիւն

by MassisPost

Երեւանի աւագանիի Սեպտեմբեր 17-ի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներով՝ 5 քաղաքական ուժ հնարաւորութիւն ունի աւագանիի անդամի մանտաթ ստանալու, սակայն այդ ուժերէն որեւէ մէկը չէ հաւաքած 50 տոկոսէն աւելի ձայներ, հետեւաբար 4 կուսակցութիւններու եւ 1 կուսակցութիւններու դաշինքի թեկնածուներու ցուցակներու առաջին հորիզոնականին ներկայացուած անձերէն ոեւէ մէկը օրէնքի ուժով չի կրնար դառնալ քաղաքապետ։

ԿԸՅ-ի հրապարակած նախնական տուեալներով՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է մասնակիցներու ձայներուն 32,57 տոկոսը, «Հանրային Ձայն» կուսակցութիւնը՝ 9,68 տոկոսը, «Ազգային Առաջընթաց» կուսակցութիւնը՝ 18,89 տոկոսը, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը՝ 11,32 տոկոսը, «Մայր Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքը՝ 15,43 տոկոսը։

Ըստ Երեւան քաղաքին տեղական ինքնակառավարման մասին օրէնքին՝ եթէ աւագանիի ընտրութիւններուն արդիւնքով որեւէ կուսակցութիւն չի ստանար աւագանիի անդամներու տեղերու 50 տոկոսէն աւելին, ապա քաղաքապետը կ’ընտրուի գաղտնի քուէարկութեան միջոցով:

ԿԸՅ քարտուղար Արմէն Սմբատեանն ընդգծած է, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները կը համարուին կայացած՝ անկախ ընտրողներու մասնակցութեան ցած ցուցանիշէն (ընտրողներու 28,46 տոկոսը մասնակցած է ընտրութիւններուն). «Այս ընտրակարգով երկրորդ փուլ հասկացութիւն գոյութիւն չունի, եթէ Երեւանի աւագանու որեւիցէ խմբակցութիւն չի ունենում 33 կամ աւելի մանտաթ, եւ ինքնաբերաբար նրա ցուցակի առաջին համարը չի ընտրւում քաղաքապետ, ապա Երեւանի աւագանին պարտաւոր է առաջին նիստից յետոյ երկշաբաթեայ ընթացքում ընտրել քաղաքապետ։ Եթէ չի յաջողւում Երեւանի աւագանուն քաղաքապետ ընտրել, ապա այդ դէպքում Երեւանի տեղական ինքնակառավարման մասին օրէնսդրութեան համաձայն՝ կրճատւում է աւագանու լիազօրութիւնների ժամկէտը եւ նշանակւում է նոր արտահերթ ընտրութիւն», պարզաբանած է ԿԸՅ քարտուղարը։

Արդէն իսկ «Հանրային Ձայն» կուսակցութեան ղեկավար Վարդան Ղուկասեանը՝ Տոկը, դաշինք կազմելու առաջարկ ըրած է «Ազգային Առաջընթաց» կուսակցութեան, որ կը ղեկավարէ նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը, եւ «Մայր Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքին, որ կը ղեկավարէ նախկին ընդդիմադիր պատգամաւոր, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի աջակից Անդրանիկ Թեւանեանը։ Ըստ «Հանրային Ձայն» կուսակցութեան ղեկավարին՝ ինք պատրաստ է պաշտպանելու թէ՛ Հայկ Մարութեանի, թէ՛ Անդրանիկ Թեւանեանի թեկնածութիւնները՝  անոնց գործունէութեան վերահսկողութիւն ունենալու պայմանով։ Սակայն յիշեցնենք, որ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ «Ազգային Առաջընթաց» կուսակցութեան թեկնածու Հայկ Մարութեան ընդգծած էր, որ Երեւանի աւագանիի կազմին մէջ ներկայացուածութիւն ունենալու պարագային ինք չի պատրաստուիր դաշինք կազմելու ոչ ներկայ, ոչ ալ նախկին իշխանութիւններուն հետ։ Իսկ այսօր «Ազգային Առաջընթաց» կուսակցութեան նախագահ Հայկ Գրիգորեանը ֆէյսւուքեան գրառումներով յայտարարած է, թէ որեւէ պարագային դաշինք պիտի չկազմեն, սակայն այդ ուժերը կրնան ընտրել իրենց առաջադրած թեկնածուն։

Եթէ նոյնիսկ քաղաքական ուժերը կազմեն դաշինք՝ «Հանրային ձայն» + «Ազգային Առաջընթաց» + «Մայր Հայաստան», ապա այս պարագային նոյնիսկ ձայներու 50 տոկոսի շեմը չի յաղթահարուիր։ 50 տոկոսի շեմը չի յաղթահարուիր  նաեւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւն + «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն պարագային. «Քաղաքացիական Պայմանագիր» ու «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւններու դաշինքի պարագային՝ երկու ուժերը միասին կը ստանան 32 մանտաթ, իսկ միւս երեք քաղաքական ուժերը եթէ դաշինք կազմեն, կը ստանան 33 մանտաթ։

Յիշեցնենք, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ քաղաքապետի տեղակալ Տիգրան Աւինեանը, իսկ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ցուցակի առաջին համարը ՀՀ արդարադատութեան նախկին նախարար Արտակ Զէյնալեանն է: «Հանրային Ձայն» կուսակցութեան ցուցակը գլխաւորող Արտակ Գալստեանը կալանաւորուած է՝ շորթման մեղադրանքով։

Գաղտնի քուէարկութեան պարագային, եթէ առաջադրուած է մէկէ աւելի թեկնածու, ապա քաղաքապետ կ’ընտրուի այն թեկնածուն, որ կը ստանայ աւագանիի անդամներու ընդհանուր թիւին ձայներու մեծամասնութիւնը:

Այս տարբերակով ընտրուելու ամենամեծ հաւանականութիւնը ունի ՔՊ թեկնածու Տիգրան Աւինեանը, եթէ ընդդիմադիր ոեւէ աւագանի քուէարկէ յօգուտ ՔՊ-ի՝ ազատելով Մարութեանն ու Թեւանեանը Տոկի հետ դաշինք կազմելու եւ «տոկացման» հեռանկարէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment