Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սուրէն Պապիկեանի Կիպրոս Այցը Յետաձգուած Է

Սուրէն Պապիկեանի Կիպրոս Այցը Յետաձգուած Է

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի՝ Կիպրոս նախատեսուած այցը յետաձգուած է, «Ազատութեան» հետ զրոյցին հաստատած է ՊՆ խօսնակ Արամ Թորոսեանը:

Աւելի վաղ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Միխալիս Եօրղալլասը X-ի մէջ (Թուիթըր) գրառում ըրած է՝ նշելով, որ հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ, այն բանէն յետոյ, երբ վերջինս չեղարկած է իր այցը Կիպրոս, Հայաստանի մէջ իրավիճակի սրման առնչութեամբ։

«Մենք վերահաստատած ենք մեր գերազանց յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերազանց համագործակցութիւնը եռակողմ ձեւաչափով՝ Յունաստանի հետ միասին։ Ես արտայայտած եմ իմ միանշանակ աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին։ Մեր երկկողմանի ցանկութիւնն է հանդիպիլը մօտ ապագային, երբ հանգամանքները թոյլ տան», գրած է Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարը։

Հայաստանի ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Միխալիս Եօրղալլասի հետ քննարկուած են Հայաստանի եւ Կիպրոսի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակին առնչուող հարցեր: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը գործընկերոջը ներկայացուցած է վերջին օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը: Քննարկուած է նաեւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ երկկողմ համագործակցութեան ընթացքը: Նախարարները երկուստեք գոհունակութիւն յայտնած են համագործակցութեան ներկայիս մակարդակէն եւ ընդգծած են զայն աւելի ընդլայնելու պատրաստակամութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment