Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Եւ Ապօրինի Ազատազրկուած Ուսանողները Վերադարձուած Են

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Եւ Ապօրինի Ազատազրկուած Ուսանողները Վերադարձուած Են

by MassisPost

Սեպտեմբեր 7-ին՝ ժամը 17:45֊ի սահմաններուն, ատրպէյճանական կողմը վերադարձուցած է Օգոստոս 28֊ին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուելու ժամանակ առեւանգուած եւ ապօրինի ազատազրկուած ուսանողներ Ալէն Սարգսեանը, Վահէ Յովսէփեանը եւ Լեւոն Գրիգորեանը։

Տղաներուն փոխանցումը հայկական կողմին տեղի ունեցած է ռուս խաղաղապահներու մասնակցութեամբ Հաքարիի կամուրջին մօտ։ Անոնք տեղափոխուած են Հայաստանի Հանրապետութիւն։

Ալէն Սարգսեանի, Վահէ Յովսէփեանի եւ Լեւոն Գրիգորեանի առեւանգման մանրամասնութիւններուն, Ատրպէյճանի կողմէ կամայական եւ ապօրինի ազատազրկման ընթացքին անոնց նկատմամբ վերաբերմունքի եւ առողջական իրավիճակին մասին Արցախի ՄԻՊ հաստատութեան կողմէ պիտի իրականացուի ուսումնասիրութիւն։

Քաղաքացիական անձերու՝ մասնաւորապէս Վակիֆ Խաչատրեանի, Ռաշիտ Բեգլարեանի, Ալէն Սարգսեանի, Վահէ Յովսէփեանի եւ Լեւոն Գրիգորեանի առեւանգումն ու կամայական ազատազրկումը, Ատրպէյճանի կողմէ կեղծ եւ շինծու քրէական գործերուն հարցումը աներկբայ կը փաստեն, որ Հաքարիի կամուրջին մօտ տեղակայուած ատրպէյճանական անօրինական անցակէտը ուղիղ եւ անհերքելի սպառնալիք է Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան ֆիզիքական գոյութեան եւ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։

Այսպէս կոչուած անցակէտը վերածուած է ատրպէյճանական յանցաւոր կամայականութիւնները սպասարկելու գործիքի, որով ատրպէյճանցիներու կողմէ կամայական կերպով կ’առեւանգուին եւ ազատութենէն կը զրկուին քաղաքացիական անձեր, շրջափակման մէջ կը պահուի 120.000 բնակչութիւն՝ զրկուած մարդասիրական հասանելիութենէն եւ մարդու տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան հնարաւորութենէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment