Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԼՂ Հարցով Միջազգային Հանրութեան Հասցէական Դիրքորոշումը Հրամայական Է. Միրզոյեան

ԼՂ Հարցով Միջազգային Հանրութեան Հասցէական Դիրքորոշումը Հրամայական Է. Միրզոյեան

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է ԱՄԷ Դաշնային Ժողովի նախագահ Սաքր Ղոպաշիի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ ԱՄԷ-ի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան եւ տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնման վերաբերող հարցեր: Երկուստեք նշուած է ՀՀ եւ ԱՄԷ միջեւ 25-ամեայ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման, երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական կապերու խթանման ուղղութեամբ քայլերու իրականացման պատրաստակամութիւնը, այդ շարքին՝ բարձրաստիճան այցերու, երկու երկիրներուն կողմէ կազմակերպուող միջոցառումներուն աշխոյժ մասնակցութեամբ միջոցով։

Զրուցակիցները երկկողմ օրակարգը յառաջ մղելու հարցով կարեւորած են նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը: Այս ծիրին մէջ ընդգծուած է երկու խորհրդարաններուն մէջ գործող բարեկամական խումբերուն միջեւ աշխատանքներու աշխուժացման նշանակութիւնը:

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակին՝ նախարար Միրզոյեան ԱՄԷ Դաշնային Ժողովի նախագահին ներկայացուցած է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման՝ հայկական կողմին տեսլականը եւ առկայ մարտահրաւէրները, յատկապէս 2020թ. ԼՂ-ի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմէն ի վեր: Այս ծիրին մէջ նախարար Միրզոյեան շեշտած է ԼՂ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան հարցերուն՝ միջազգային մեխանիզմի ներքոյ հասցէագրման կարեւորութիւնը։

Նախարար Միրզոյեան հանգամանալից անդրադարձած է 2022թ. Դեկտեմբերէն Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին ապօրինի արգելափակման եւ Յունիսէն ԼՂ 120.000 բնակչութեան փաստացի պաշարման հետեւանքով ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամին։ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է միջազգային հանրութեան, այդ շարքին՝ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար առաջնային պատասխանատուութիւն ունեցող ՄԱԿ Անվտանգութեան Խորհուրդին կողմէ խնդիրի շարունակական հասցէագրման, գործընկերներու կողմէ հասցէական դիրքորոշման արտայայտման հրամայականը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment