Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Ռազմական Բժիշկները Գերմանիոյ Մէջ Բազմազգ Զօրավարժութեան Կը Մասնակցին

Հայաստանի Ռազմական Բժիշկները Գերմանիոյ Մէջ Բազմազգ Զօրավարժութեան Կը Մասնակցին

by MassisPost

Հայաստանի Զինուած Ուժերու Ռազմաբժշկական Վարչութեան շարժական դաշտային հիւանդանոցին անձնակազմը Օգոստոս 28-էն Սեպտեմբեր 23 կը մասնակցի Գերմանիոյ Հոհենֆելս քաղաքին մէջ տեղակայուած ռազմակեդրոնին մէջ տեղի ունեցող «Միաձուլուած սուր-2023» բազմազգ զօրավարժութեան։

Պաշտպանութեան Նախարարութեան լրատուականի հաղորդագրութեան համաձայն՝ զօրավարժութեան կը մասնակցին 17 երկիր:

ՀՀ Զինուած Ուժերու բժիշկները եւ բուժակները կը մասնակցին ԱՄՆ ցամաքային զօրքերու բժշկական ծառայութեան կողմէ տեղի ունեցող վարժանքին, որուն նպատակն է իրական պայմաններու մէջ կազմակերպել վիրաւորներու արագ եւ անվտանգ տարհանումը ուղղաթիռով։
Հայկական դաշտային հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմը ամերիկեան կողմին հետ ձեւաւորած խումբերով կը կատարէ բարդ պայմաններու մէջ վիրաւորներու տարհանում, gu ծանօթանa3 ԱՄՆ բանակի բժշկական ծառայութեան տարհանման յատուկ օդային միջոցներուն, ինչպէս նաեւ բժշկական տարհանման ցամաքային զրահասարքի հնարաւորութիւններուն եւ յագեցուածութեան:

Զօրավարժությեան յաջորդ խաղարկային փուլը կը մեկնարկի սեպտեմբերի 8-ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment