Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանը Չի Պատրաստուիր Հեռանալու Հարաւային Կովկասէն․ Փեսքով

Ռուսաստանը Չի Պատրաստուիր Հեռանալու Հարաւային Կովկասէն․ Փեսքով

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսաստանը չի պատրաստուիր հեռանալու Հարաւային Կովկասէն։

Փեսքով այս մասին խօսած է՝ արձագանգելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ տեսնում են, որ Ռուսաստանը իր կողմէ ձեռնարկուող կամ չձեռնարկուող քայլերուն բերումով ինք կը հեռանայ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն։

«Մենք խոր յարգանք կը տածենք վարչապետ Փաշինեանի նկատմամբ, կը գնահատենք անոր եւ նախագահ Փութինի աշխատանքային եւ շատ կառուցողական յարաբերութիւնները, բայց այդ թեզերուն հետ չենք կրնար համաձայնիլ։ Ռուսաստանը որեւէ տեղ երթալու չի պատրաստուիր։ Ռուսաստանը կը շարունակէ հետեւողական, շատ կարեւոր դեր խաղալ իրավիճակի կայունացման եւ հակամարտութեան վերացման գործին մէջ։ Այս ծիրին մէջ կարեւոր է տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններուն յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով եռակողմ յայտարարութիւններուն։ Նոր իրադարձութիւններ եղած են, որոնք որոշակիօրէն փոխած են իրավիճակը, սակայն այդ չի նշանակեր, թէ Ռուսաստանը ինչ-որ կերպ կը շեղի իր գործունէութենէն», ըսած է ան։

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղարին խօսքով՝ Ռուսաստանը պիտի շարունակէ տանիլ Հարաւային Կովկասի մէջ, մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան երաշխաւորի դերը։

Փեսքով նաեւ նշած է, որ Ռուսիոյ մէջ աւելի շատ հայեր կ’ապրին, քան Հայաստանի մէջ, որոնք իրենց ներդրումը ունին Ռուսաստանի զարգացման գործին մէջ։

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Երեւանը կը մասնակցի համարկման գործընթացներուն, որոնց շնորհիւ «Հայաստանը ԱՊՀ-ի մէջ ախոյեան դարձած է զարգացման քայլերով»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment