Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուան Երեւանէն Պարզաբանում Խնդրած Է Հռոմի Կանոնադրութիւնը Խորհրդարանի Վաւերացման Ուղարկելու Քայլին Առնչութեամբ

Մոսկուան Երեւանէն Պարզաբանում Խնդրած Է Հռոմի Կանոնադրութիւնը Խորհրդարանի Վաւերացման Ուղարկելու Քայլին Առնչութեամբ

by MassisPost

Մոսկուան պարզաբանում խնդրած է Երեւանէն՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հռոմի Կանոնադրութիւնը խորհրդարանի վաւերացմանն ուղարկելու քայլին առնչութեամբ։

Այս մասին ճեպազրոյցին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

«Մենք այս հարցով արդէն պարզաբանում խնդրած ենք հայկական կողմէն եւ պիտի որոշենք մեր հետագայ քայլերը՝ ելլելով Երեւանի պատասխանին բովանդակութենէն», ըսած է Զախարովան։

Հայաստանի կառավարութիւնը Հռոմի Կանոնադրութիւնը խորհրդարանի վաւերացման ուղարկած է Սեպտեմբեր 1-ին։

Հռոմի Կանոնադրութիւնը վաւերացնելու միջոցով Հայաստանի կառավարութիւնը Ատրպէյճանին պատասխանատուութեան կանչելու հնարաւորութիւն կը տեսնէ:

Միջազգային Քրէական Դատարանը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու հրահանգ տուած է, ինչ որ կը նշանակէ, որ այն երկիրներուն մէջ, որոնք վաւերացուցած են Հռոմի Կանոնադրութիւնը, Ռուսիոյ նախագահը կրնան ձերբակելել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment