Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանը Տակաւին Չէ Արձագանգած Խաղաղութեան Պայմանագրի Վերաբերեալ Հայաստանի Նոր Առաջարկներուն․ ՀՀ Փոխվարչապետ

Ատրպէյճանը Տակաւին Չէ Արձագանգած Խաղաղութեան Պայմանագրի Վերաբերեալ Հայաստանի Նոր Առաջարկներուն․ ՀՀ Փոխվարչապետ

by MassisPost

Ատրպէյճանական կողմը տակաւին չէ արձագանգած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ հայկական կողմի նոր առաջարկներուն։ Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը։

«Իմ ունեցած տեղեկութիւններով դեռեւս արձագանգ չկայ վերջի առաջարկի վերաբերեալ», ըսաւ Գրիգորեան։

Ինչ կը վերաբերի ապաշրջափակման հարցով եռակողմ աշխատանքային խումբի յառաջիկայ հանդիպման մասին հարցումին, Գրիգորեան պատասխանեց․ «Մենք չունենք պայմանաւորուածութիւն յաջորդ հանդիպման օրուայ եւ վայրի վերաբերեալ։ Ընթացքում, բնականաբար, աշխատանքային կապերի մակարդակով ինչ-որ հարցեր քննարկւում են, բայց որեւէ պայմանաւորուածութիւն յաջորդ հանդիպման վերաբերեալ այս պահին չունենք»։

***

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Օգոստոս 25-ին տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին ժամանակ յայտնած էր, որ հայկական կողմը ատրպէյճանական կողմին փոխանցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ իր նոր առաջարկները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment