Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւան Պիտի Հիւրընկալէ Համաշխարհային Զբօսաշրջային Ներդրումային Համագումարը

Երեւան Պիտի Հիւրընկալէ Համաշխարհային Զբօսաշրջային Ներդրումային Համագումարը

150 Մասնակից՝ Ամենատարբեր Երկիրներէ

by MassisPost

Երեւանի մէջ, Սեպտեմբեր 6-8-ին, տեղի պիտի ունեանյ Համաշխարհային Զբօսաշրջային Ներդրումային Համագումարը, որ կազմակերպած է ՀՀ Տնտեսութեան Նախարարութեան Զբօսաշրջութեան Կոմիտէն ՄԱԿ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ։

ՀՀ Տնտեսութեան Նախարարութեան Զբօսաշրջութեան Կոմիտէի նախագահ Սիսիան Պօղոսեանը նշեց, որ համագումարին հիմնական նպատակն է ներկայացնել համավարակէն յետոյ համաշխարհային մակարդակով զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ ներդրումային միտումները, մարտահրաւէրները։ «Ի հարկէ, համաշխարհային միտումները պիտի ներկայացուին, բայց առանձին անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ Հայաստանին։ Սա շատ լաւ առիթ է Հայաստանի ներդրումային հնարաւորութիւնները, ծրագրերը ներկայացնելու համար։ Մենք շեշտը պիտի դնենք քանի մը ուղղութիւններու վրայ՝ մշակոյթ, սնունդ, գինի, արկածային զբօսաշրջութիւն», ըսաւ Սիսիան Պօղոսեանը։ Ան տեղեկացուց, որ համագումարին ընթագքին պիտի ներկայացուի նաեւ Համաշխարհային դրամատան հետ մեկնարկող խոշոր ծրագիրը, որ նոյնպէս կրնար հետաքրքրել ներդրողները։ Մասնաւորապէս, կը նախատեսուի Հայաստանի տարածքին առանձնացնել գօտիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նուիրուած պիտի ըլլայ զբօսաշրջային որեւէ ուղղութեան։ Օրինակ, Արենին՝ գինիի գօտի, Կիւմրին՝ մշակութային գօտի եւ այլն։ Յառաջիկային կը սպասուի միջազգային մասնագէտներու այց Հայաստան, որոնք պիտի կատարեն առանձնացուած տարածքներու համապատասխան ուսումնասիրութիւն, վերլուծութիւն եւ պիտի ներկայացնեն զարգացման տեսլական։

Համաշխարհային Զբօսաշրջային Ներդրումային Համագումարին կը նախատեսուի ՄԱԿ ԶՀԿ անդամ պետութիւններու, այլ օտարերկրեայ պետութիւններու զբօսաշրջութեան ոլորտի պատասխանատուներու, օտարերկրեայ եւ տեղական ներդրողներու, միջազգային կազմակերպութիւններու, պետական, մասնաւոր հատուածի մասնակցութիւն։ Զբօսաշրջութեան Կոմիտէի միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Սոնա Յովհաննիսեան նշեց, որ կ’ակնկալուի 150 հոգիի մասնակցութիւն տարբեր երկիրներէ՝ ԱՄՆ-էն, Էմիրութիւններէն, եւրոպական երկիրներէ, Սենեկալէն, Պահրէյնէն, Ալճերիայէն, Մոլտովայէն, Իրանէն։ Աշխոյժ մասնակցութիւն պիտի ապահովեն նաեւ Հայաստանի մէջ գործող տարբեր երկիրներու դեսպանութիւնները։

«Խնդիր է դրուած ցոյց տալ զբօսաշրջային ոլորտի հիմնական ներդրումային միտումները։ Կարեւոր է հասկանալ, թէ ինչպէս է փոխուել ներդրումային միջավայրը։ Գիտենք, որ Քովիտը մեծ ազդեցութիւն է ունեցել զբօսաշրջութեան ոլորտի վրայ, որն ամբողջ աշխարհում բաւական տուժել է։ Այս ծիրին մէջ մեր խնդիրն է Հայաստանը հնարաւորինս ներկայացնել իր բոլոր կողմերով», ըսաւ Սոնա Յովհաննիսեանը։

Համագումարի ծիրին մէջ նախատեսուած են նաեւ ընկերա-մշակութային միջոցառումներ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ներուժը եւ գրաւչութիւնները ներկայացնելու նպատակով: Զբօսաշրջութեան Կոմիտէի հանրային կապերու ղեկավար Աննա Մարգարեանը տեղեկացուց, որ հիւրերուն համար Հայաստանը բացայայտելուն ուղղուած զբօսաշրջային ծրագիր նախատեսուած է։ Անոնց համար յատուկ շրջապտոյտներ պիտի կազմակերպուին։ Առանձին շրջապտոյտներով պիտի ներկայացուի մշակոյթը, սննդային եւ գինիի զբօսաշրջութիւնները։

«Մենք նաեւ հիւրընկալելու ենք միջազգային լրատուական ներկայացուցիչների։ Ինչպէս գիտէք, այս ուղղութեամբ եւս Զբօսաշրջութեան Կոմիտէն աշխոյժ աշխատանք է տանում։ Այս տարուայ ընթացքում արդէն առիթ ունեցել ենք տարբեր երկրների լրատուական ներկայացուցիչների, պլոկըրների ընդունել Հայաստանում, ներկայացնել մեր երկրի զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները։ Համագումարը եւս առիթ է լրատուական ոլորտի ներկայացուցիչների հետ աշխատելու։ Այս անգամ մեր երկիրը կը ներկայացուի ոչ միայն արկածային, մշակութային, սննդային զբօսաշրջութեան, այլեւ ներդրումների համար բարենպաստ միջավայր ունեցող երկիր», յաւելեց Աննա Մարգարեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment