Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Գոնկրէսի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնաժողովի՝ ԼՂ Հարցով Նիստին Պիտի Մասնակցի Լուիս Մորենօ Օքամփօն

Գոնկրէսի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնաժողովի՝ ԼՂ Հարցով Նիստին Պիտի Մասնակցի Լուիս Մորենօ Օքամփօն

by MassisPost

ԱՄՆ Գոնկրէսի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնաժողովը Սեպտեմբեր 6-ին պիտի քննարկէ իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով:

Լսումներուն հրաւիրուած է Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօն, որուն զեկոյցը մէջբերած է Ներկայացուցիչներու Տան յանձնաժողովը։

Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօն Օգոստոս 7-ին հրապարակած է փորձագիտական եզրակացութիւն՝ նշելով, որ ««ողջամիտ հիմք կայ պնդելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն նկատմամբ այժմ ցեղասպանութիւն կ’իրականացուի։

Լսումներու երկրորդ բանախօսն է Գոլումպիայի համալսարանի՝ «Վայրագութիւններ Արցախի մէջ» հետազօտական ծրագրի ղեկավար, փրոֆեսոր Տէյվիտ Ֆիլիփսը։

Լսումները բաց պիտի ըլլան Գոնկրէսի անդամներու, Գոնկրէսի աշխատակազմի, շահագրգիռ հանրութեան եւ լրատուամիջոցներու համար: Լսումները ուղիղ պիտի հեռարձակուին Յանձնաժողովի կայքով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment