Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ Նախագահը Իր Անձնական Ներկայացուցիչը Կ’ուղարկԷ Լաչինի Միջանցք

ԵԱՀԿ Նախագահը Իր Անձնական Ներկայացուցիչը Կ’ուղարկԷ Լաչինի Միջանցք

by MassisPost

ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ արտաքին գործերու նախարար Պույար Օսմանին իր անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրշիքը կ’ուղարկէ Լաչինի միջանցք, որ կը կապէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հետ։ Այս մասին դիւանագէտը յայտնած է X-ի իր օգտահաշուով։

Օսմանիի խօսքով՝ ինք այս որոշումը կայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հետ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցներէն յետոյ։

«Ես կը կրկնեմ իմ կոչս՝ տրամադրել ազատ տեղաշարժ Լաչինի միջանցքով: Միւս երթուղիները պէտք է բացուին զուգահեռաբար: Մարդասիրական երեւոյթները միշտ պէտք է գերակայեն: Քաղաքական հարցերով երկխօսութիւնը պէտք է շարունակուի, եւ ԵԱՀԿ-ը պատրաստ է նպաստելու անոր», ընդգծած է ԵԱՀԿ գործող նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 10-ին ԵԱՀԿ գործող նախագահը հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հետ՝ անոնց հետ քննարկելով Լաչինի միջանցքին հարցը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment