Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Կառավարութեան Կոչ Կ’ընենք Վերականգնելու Լաչինի Միջանցքով Առեւտրային, Մարդասիրական Եւ Մասնաւոր Ինքնաշարժներու Ազատ Տարանցումը. Փաթել

Ատրպէյճանի Կառավարութեան Կոչ Կ’ընենք Վերականգնելու Լաչինի Միջանցքով Առեւտրային, Մարդասիրական Եւ Մասնաւոր Ինքնաշարժներու Ազատ Տարանցումը. Փաթել

by MassisPost

Մենք կը շարունակենք խորապէս մտահոգուած մնալ Լաչինի միջանցքի շարունակական շրջափակմամբ, մասնաւորապէս  առեւտրային, մարդասիրական եւ մասնաւոր ինքնաշարժներու համար: Այս տեսակի մարդասիրական երթեւեկութեան դադրեցումը, մեր կարծիքով, կը վատթարացնէ մարդասիրական իրավիճակը եւ կը խաթարէ խաղաղ գործընթացին նկատմամբ վստահութիւն ստեղծելու ջանքերը։ Այդ մասին ըսած է Պետական Քարտուղարութեան փոխխօսնակ Վետանթ Փաթելը՝ արձագանգելով Լաչինի միջանցքին հետ կապուած իրավիճակին։

«Մենք Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ’ըմենք վերականգնելու այս միջանցքով առեւտրային, մարդասիրական եւ մասնաւոր ինքնաշարժներու ազատ տարանցումը։ Մենք նաեւ տեղեակ ենք, որ Չորեքշաբթի օր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ պիտի ըլլայ՝ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, եւ մենք կ’ակնկալենք, որ այնտեղ նոյնպէս տեղի պիտի ունենան քննարկումներ», նշած է ան։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը ՄԱԿ-ի մէջ՝ Փաթել ըսած է հետեւեալը.

«Մենք հետեւողականօրէն ընդգծած եւ կրկնած ենք այն փաստը, որ ուղիղ երկխօսութիւնը էական նշանակութիւն ունի այս երկարատեւ հակամարտութիւնը լուծելու համար, եւ կը կարծենք, որ որեւէ ներգրաւուածութիւն, որ ի վերջոյ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պիտի բերէ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդին, լաւ եւ դրական քայլ պիտի ըլլայ», նշած է Պետական Քարտուղարութեան փոխխօսնակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment